2010-10-15 13:30:19

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵՆԷՆ


Հայազգի Երաժիշտ Եւ Դուդուկահար Լեւոն Մատոյեան։
Լեւոն Մատոյեան հայ երաժիշտ եւ դուդուկահարը՝ եղած էր Խորհրդային Միութեան ժողովրդական արուեստագէտ։
Ան ծնած է Կիւմրի 1909-ին, ուր եւ ուսումը ստացած ու նաեւ հետեւած երաժշտութեան։
1923-էն սկսած է աշխատիլ Հայֆիլհարմոնիայի Լենինականի բաժանմունքի արեւելեան գործիքներու խումբին մէջ։ Կարճ ժամանակ Պաքուի մէջ աշխատելէ ետք դարձեալ վերադարձած է իր ծննդավայրը։
Իսկ 1939-ին Երեւան տեղափոխուելով սկսած է նուագել Հայֆիլհարմոնիայի ժողովրդական գործիքներու նուագախումբին մէջ, ապա ռատիոկոմիտէի ժողովրդական գործիքներու անսամպլի մէջ։
Լեւոն Մատոյեան հանդէս եկած է Խորհրդային Միութեան շարք մը քաղաքներու մէջ վայելելով լայն ժողովրդականութիւն։
Հայազգի երաժիշտը մահացած է 1964-ին։







All the contents on this site are copyrighted ©.