2010-10-14 13:46:19

Սիւնոդոսական Հայրերու Միջամտութիւնները Միջին Արեւելքի Եպիսկոպոսական Սիւնոդոսին։


Գողգոթայի եկեղեցի մը, որ կը չարչարուի տիրող բռնութիւններու ու անկայունութեան պատճառաւ , այսպէս կը սահմանէ Սիւնոդոսը Ս. Երկրի քրիստոնեայ հասարակութիւնը, որ կը ներկայացնէ բնակչութեան 2 տոկոսը եւ կը քաջալերէ զայն դիմադրելու, որովհետեւ տեղւոյն քրիստոնեաներու ներկայութիւնը անհրաժեշտութիւն մըն է եւ մեծ պատասխանատուութիւնը ունին յաւերժացնելու Քրիստոսի խաղաղութեան ու հաշտութեան պատգամը։
Նոյնպէս Սիւնոդոսական հայրերը իրենց հայեացքը կ'ուղղեն Իրաքի, որուն կացութիւնը ողբերգական է եւ նման՝ առաջին աշխարհամարտի Թուրքիոյ իրավիճակին։
Այդ ուղղութեամբ Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսները կը պահանջեն մարդու հիմնական իրաւունքներու, ազատութեան եւ արժանաւորութեան յարգանքը։ Այդ յարգանքը կ'ենթադրէ նաեւ խտրականութեան ջնջումը սահմանադրութիւններու, օրէնսդրութեան եւ դպրոցական գիրքերու մէջ։
Հակառակ անցեալի նեղ օրերուն եւ հալածանքին, նահատակներու անմեղ արիւնը եւ հերոսական օրինակը շատ մը քրիստոնեաներու, Միջին Արեւելքի մէջ աճեցուած է համոզուած ու ծաղկուն քրիստոնեայ հասարակութիւններ։
Ընտանեկան հաստատութիւնը, Արեւելքի մէջ, առողջ է հակառակ առօրեայ կեանքի մեծ դժուարութիւններուն։ Համամիութիւնը եւ միջկրօնական երկխօսութիւնը նոյնքան կարեւոր նիւթերը եղած են սիւնոդոսական հայրերուն, մեղադրելով՝ կարգ մը խումբերու յարումը իրենց համայնքին, ծէսին կամ ազգութեան, որ հակառակ է Քրիստոսի ուսուցումին։ Կարգ մը հետաքրքրական թելադրանքներ յառաջ եկան. ինչպէս՝ ուսումնասիրել Միջին Արեւելքի ծնունդներու իրավիճակը, աշխատասիրութիւնը միացեալ կրօնագիրքի եւ տօնել Ս. Յովհաննէսի տարին։
Եգիպտոսի Լիւքսոր թեմի առաջնորդը գերապայծառ Զաքարիա կոչ ըրաւ վերաքարոզելու Աւետարանը Միջին Արեւելքի մէջ, ընդգծելով՝ թէ ներկայ Սիւնոդոսին առաջին կէտնպատակներէն մէկն է հաստատել ու զօրացնել քրիստոնէութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, որպէսզի կարենան ճշմարիտ վկայութիւն տալ Աւետարանին։ Քրիստոսի հրամանը ''երթալ Աւետարանը քարոզել աշխարհի չորս ծագերուն'', նաեւ ուղղուած է Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն, որոնք քիչ մը անտեսած են այս հրամանը։ Նոյնիսկ եթէ մենք կը գտնուինք մշակոյթով ոչ-քրիստոնեայ շրջապատի մը մէջ, ըսաւ գերապայծառ Զաքարիա, ժամը հասաւ մեր կեանքի վկայութեամբ ու բարի օրինակով ներկայացնել Քրիստոսի անձն ու լոյսը։
Մեր շրջապատին մէջ շատերը պէտք ունին մեր միջոցաւ տեսնելու Յիսուսի Խօսքը։







All the contents on this site are copyrighted ©.