2010-10-14 13:12:16

Հայ Գերիի Մահուան Մասին Հռչակագիրը՝ 19 Օտար Պատուիրակներ Ստորագրած Են ։


Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի Հայաստանի պատուիրակութեան անդամ, Ազգային ժողովի ՝՝Ժառանգութիւն՝՝ խմբակցութեան պատգամաւոր Զարուհի Փոսթանճեան, ի պատասխան Ազրպէյճանի պատուիրակութեան հեղինակած ՝՝Ազրպէյճանի զինուորներու դիակները իրենց պետութեան վերադարձնելու անհրաժեշտութիւնը՝՝ հռչակագիրին, 7 հոկտեմբերին վեհաժողովին մէջ շրջանառութեան մէջ դրաւ ՝՝Հայ գերիին մահը Ազրպէյճանի մէջ՝՝ անունով գրաւոր հռչակագիր մը։ Զարուհի Փոսթանճեան յայտնեց, որ հայկական կողմի հռչակագիրին տակ ստորարեցին 25 պատուիրակներ, որոնցմէ միայն 6-ը հայեր են։ Իսկ Ազրպէյճանի փաստաթուղթին տակ ստորագրեցին ընդամէնը 22 պատուիրակներ, որոնցմէ 16-ը՝ թուրքեր եւ ազրպէյճանցիներ են։ Ըստ անոր, երկու փաստաթուղթերն ալ վեհաժողովին կողմէ ընդունուեցան եւ պաշտօնական փաստաթուղթեր կը նկատուին։ Նմանօրինակ փաստաթուղթերուն համար ստորարահաւաք կատարելը Զարուհի Փոսթանճեան օգտակար քարոզչութիւն կը նկատէ, քանի որ փաստաթուղթին տակ ստորագրող անհատները մանրամասնօրէն կը հետաքրքրուին խնդիրով։ Պատգամաւորը յայտնեց, որ վեհաժողովին մէջ թուրք նախագահ ունենալը իր մէջ մեծ վտանգներ կը պարունակէ։ Հայկական կողմը քարոզչութիւն իրականացնելու հարցին մէջ ետ մնացած է։ Ատիկա այն պարագային, երբ Ազրպէյճան ամէն յարմար առիթի այդ ամպիոնին վրայ կը բարձրաձայնէ, որ իբրեւ թէ իր տարածքին 20 առ հարիւրը գրաւուած է եւ 1 միլիոն գաղթականներ կան։







All the contents on this site are copyrighted ©.