2010-10-13 13:05:49

Չիլիի մէջ երկու ամիսէ ի վեր Սան Խօսէ հանքին մէջ բանտարկուած հանքագործները այսօր սկսան դուրս գալ, լոյս աշխարհ:


Մղձաւանջը իր աւարտին կը հասնի Չիլիցի հանքագործներուն համար ,որոնք 68-օրէ ի վեր կը գտնուէին Սան Խօսէ անունը կրող հանքահօր աւելի քան 700 մեթր խորութեանը տակ։ Երէկ ուշ գիշեր սկիզբ առին հանքագործները փրկելու գործողութիւնը,տեղւոյն վրայ կը գտնուի նաեւ Չիլիի նախագահը Բինէրա։ Տեղական Եկեղեցին հանքին մէջ տեղի ունեցած պայթումի ու նաեւ մղձաւանջի առաջին ռոպէէն սկսեալ ներկայ եղաւ հանքագործներու ընտանիքներուն քով։ Ըսենք նաեւ որ Երկրի բոլոր եկեղեցիներու զանգակները ցնծագին կը ղօղանջեն։







All the contents on this site are copyrighted ©.