2010-10-13 13:30:54

Միջին Արեւելքի Սիւնոդոսի Միջամտութիւններէն։


Կարտինալ Սոտանօ. գահերէցը կարտնալական դասին, բաղձանք յայտնած է որ վերջ դրուի իսլամ աշխարհի ծայրայեղ հոսանքներուն, ճշմարիտ երկխօսութիւն մը հաստատելու համար մահմետականներու հետ։
Իրաքի Քիրքուք թեմի առաջնորդը գերապայծառ Լուի Սագօ քաջալերեց երկխօսութիւնը իսլամներուն հետ եւ միաժամանակ իր ցաւը յայտնեց ի տես Միջին Արեւելքի անխուսափելի եւ մահացու գաղթին։ Գերապայծառը խնդրեց ՜՜յանձնառումով աշխատիլ իսլամներու հետ, առանց երկխօսութեան չի կայ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն՝՝ ըսաւ ան աւելցնելով. ՝՝Միասին կարող ենք ջնջել պատերազմը եւ բռնութիւններու բոլոր երեւոյթները՝՝։ Ան բոլոր հայրերէն խնդրեց միաձայն դատապարտել զէնքի վաճառքը։
Մարոքի Ռապաթ թեմի առաջնորդը գերապայծառ Լանտել՝ աւելի լաւատես եւ խոհեմ, դիտել տուաւ թէ քրիստոնեաները իրենց հաւատքը աւելի կը զօրացնեն երբ մահմետականներու հետ շփման մէջ են։
Այդ ուղղութեամբ Եգիպտոսի եւ Թանծանիայի առաջնորդները, որոնք կ'ապրին ջախջախիչ մեծամասնութեամբ իսլամ երկիրներու մէջ ընդգծեցին թէ այդ երկիրներուն մէջ քրիստոնեաներու ազատութիւնը սահամանափակ է եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները կը գաղթեն իրենց դէմ մղուած հարստահարումի պատճառով։
Լոս Անճըլըսի Կարտինալ Մահոնի իր միջամտութեան ընթացքին ըսաւ թէ իր թեմի մէջ ինք կ'աշխատի օգնութեան հասնիլ Միջին Արեւելքի գաղթականներուն ։ Իսկ Փիլիփփեաններու Գոդապատօ թեմի առաջնորդը գերապայծառ Քեւետօ որակեց քրիստոնեաներու գաղթը որպէս ՜՜ստրկութեան նոր երեւոյթ մը՝՝։
Ղպտի եկեղեցւոյ պատրիարքը` գերերջանիկ Անթոնիոս Նաճիպ իր երկարաշունչ տեղեկագրութեան մէջ յիշեցուց Պաղեստինի քրիստոնեաներու անտանելի կացութիւնը եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Ս. Երկրի բոլոր քրիստոնեաներուն։ Նոյնպէս ան խօսեցաւ Իրաքի քրիստոնեաներու ողբերգական կացութեան մասին, ընդգծելով թէ՝ անոնք եղան գլխաւոր զոհերը պատերազմի ու անոր հետեւանքներուն։ Լիբանանի մասին անդրադառնալով մաղթեց որ քրիստոնեաները իրարու հետ աւելի միանան որպէսզի սատարեն երկրին կայունութեան։ Հուսկ Ղպտիներու պատրիարքը խնդրեց միջազգային հասարակութենէն եւ Ս. Աթոռէն որ Միջին Արեւելքին երաշխաւորեն խաղաղութիւն, հասկացողութիւն եւ բարգաւաճում։
Հուսկ՝ գերապայծառ Պերթան (ֆրանչիսքեան միաբան) առաջարկ մը ներկայացուց սիւնոդոսական հայրերուն խնդրելով ստեղծել ''առանց սահմանի քահանաներ'' օգնութեան հասնելու այն երկիրներուն որոնք ՜՜քահանաներով աղքատ՝՝ են, այն է բաւականի չափ քահանայ չունին։
Յայտնենք թէ Սիւնոդոսական հայրերը ամէն առաւօտ ժամասացութիւն կը կատարեն, եւ ամէն օր արեւելեան յատուկ մէկ ծէսով, որուն կը յաջորդէ հինգ վայրկեան տեւող մտածական մը։







All the contents on this site are copyrighted ©.