2010-10-13 13:00:08

էՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ։ԱԿՆԱՐԿ ՄԸ ՝ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ։ Հայ Գրականութիւնը Արաբական Երկիրներու Մէջ։


1923-էն սկսեալ Արեւմտահայ Գրականութիւնը կրնանք անուանել Սփիւռքահայ Գրականութիւն, մանաւանդ որ անոր գլխաւոր թեման կը մնայ Սփիւռքը, օտարին հետ հանդիպումը եւ հայրենիքի կարօտը:
Արաբական Երկիրները, գլխաւորաբար Իրաք, Սուրիա, Լիբանան, Յորդանան, Պաղեստին եւ Եգիպտոս: Սկիզբը ամենէն կարեւոր կեդրոններէն մէկը այս շրջանակին մէջ եղան Եգիպտոսի Գահիրէ եւ Աղեքսանդրիա քաղաքները, բայց յետագային եւ մինչեւ այսօր մշակութային եւ մտաւորական կեդրոն դարձան յատկապէս Լիբանանը,(Պէյրութ) եւ Սուրիան (Հալէպ): Հոս լոյս տեսան բազմաթիւ օրաթերթեր, հրատարակուեցան մեծ թուով գիրքեր եւ արաբահայ գրականութիւն մը իր ուրոյն դիմագիծը պարտադրեց հայ գրականութեան վրայ:Յիշենք անունները կարգ մը գրագէտներու ՝ Վահան Թէքէեան, Ժագ Յակոբեան, Արսէն Երկաթ/Եգիպտոս/, Յակոբ Օշական, Եղիվարդ/Երուսաղէմ/, Լեւոն Շանթ, Մուշեղ Իշխան, Վահէ Վահեան, Լեւոն Վարդան, Նիկոլ Աղբալեան, Եդուարդ Պոյաճեան, Պողոս Սնապեան, Գեորգ Աչեմեան եւ շատ ուրիշներ /Լիբանան/ Անդրանիկ Ծառուկեան, Սիմոն Սիմոնեան, Արմէն Անոյշ, Սմբատ Փանոսեան/Սուրիա, Լիբանան/ եւայլն.
Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ լոյս տեսած կարեւոր գրական հանդէսներէն եղան «Նայիրի» եւ «Սփիւռք» շաբաթաթերթերը եւ «Բագին», «Շիրակ» ամսագիրները:
Արաբական գաղութները արտագաղթի պատճառով համալրեցին եւ զօրացուցին յատկապէս Եւրոպայի եւ Ամերիկայի հայ գաղութները, իսկ 60-ական թուականներուն այս երկիրներէն դէպի Արաբական ծոցի երկիրներ եւ Աւստրալիա գաղթող Հայերը կազմաւորեցին բոլորովին նոր գաղութներ` Աւստրալիոյ գաղութը եւ Արաբական Ծոցի երկիրներուն հայկական մանր գաղութները / Քուէյթ, Շարժա, Տուպէյ եւայլն/: Ասոնք ազգովին կազմակերպուած վիճակի մէջ են արդէն, հոն հայ գրողներ կ'ապրին, բայց տակաւին կարելի չէ զանոնք որակել որպէս անկախ գրական շրջանակներ:







All the contents on this site are copyrighted ©.