2010-10-12 14:16:56

Կարտինալ Թոմքօ Կը Հանդիսապետէ Մինսքի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Հիմնարկութեան Երրորդ Դարադարձի Հանդիսութիւնները։


Անցեալ կիրակի օրը Կարտինալ Թոմքօ, վաստակաւոր կառավարիչը ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովին, որպէս քահանայապետական պատուիրակ հանդիսապետեց Մինսքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ երրորդ դարադարձի արարողութիւնը։ Ան իր արտասանած քարոզին մէջ ըսաւ. ՜՜Թէեւ Աստուած ամէն տեղ է, սակայն եկեղեցին կը մնայ այն վայրը որ վերապահուած է եւ օծուած որպէս առանձնաշնորհեալ վայր մը, ուր կարող ենք Անոր հանդիպիլ անհատապէս կամ հաւաքաբար՝՝։

Սրբազան Քահանայապետին պատուիրակը իր քարոզին մէջ մատնանշեց եկեղեցին որպէս Աստուծոյ տունը, ուր Տէրը մեզ կը սպասէ մեր կեանքի կարեւորագոյն պահերուն. ՜՜Մկրտութենէն սկսեալ ապա առաջին հաղորդութիւնը, պսակը եւ մինչեւ յուղարկաւորութիւնը՝՝։
Խօսելով Մինսքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մասին, որուն պատմութիւնը կը նմանի ողբերգական վէպի մը, Կարտինալը ըսաւ. ՜՜Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովը սահմանեց եպիսկոպոսը որպէս քահանայ իր հօտին եւ որմէ կախեալ է իր հաւատացեալներու հոգեւոր կեանքը Քրիստոսի մէջ։ Մինսքի եկեղեցին օծուեցաւ 1710ին, ապա թեմին ստեղծումով դարձաւ աթոռանիստ 1798ին։ Այս վերջին երեք դարերուն թեմը ապրեցաւ շատ դժուար պահեր, բազմաթիւ անգամներ գրաւուեցաւ տեղական իշխանութիւններու կողմէ ապա վերայանձնուեցաւ 1997ին եւ վերստին վերաօծուեցաւ, եւ աւագ խորանը նուիրուեցաւ Ս. Կոյս Մարիամ Անարատ Յղութեան՝՝։ Հուսկ՝ Կարտինալը ըսաւ թէ ՜՜աշխարհի ամենագեղեցիկ եկեղեցիները միշտ ծառայած են ըլլալու տեսանելի վայրը որ կը սատարէ պայծառացնելու Աստուծոյ հոգեւոր տաճարը` մարդու սիրտը՝՝։







All the contents on this site are copyrighted ©.