2010-10-12 13:23:04

2010-ը ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻՆ .
Ամուսնութիւն եւ Քրիստոնեական Ընտանիք։


Ընտանիքը նախքան պետութիւն, եկեղեցի թէ ընկերային այլ դրութիւններ, Աստուծոյ երկրի վրայ հաստատած առաջին կառոյցն է։ Աստուած նախ ինք օրհնեց եւ սրբեց մարդուն եւ կնոջ ամուսնական միութիւնը եւ զանոնք կարգեց ըլլալու տիեզերքի տէրն ու պսակը իր արարչագործութեան։ Իսկ ընտանիքը վերածեց մարդկային ընկերութեան կեդրոնական առանցքը։
Հետեւաբար ամուսնութիւնը աստուածային տնօրինութեամբ այր եւ կնոջ միութիւնն է, իսկ նպատակը՝ որդեծնութիւն զոր Աստուած օրհնած եւ պատուիրած է ըսելով Աճեցէք, բազմացէք, երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք (Ծննդ1։28)։ Իսկ քրիստոնէական հասկացողութեամբ ամուսնացեալ զոյգեր որդեծնութեամբ ոչ միայն Քրիստոնէական եկեղեցւոյ ընտանիքը կը բազմացնեն, այլեւ՝ աստուածային ստեղծագործական արարքին գործակից մասնակիցները կը դառնան։
Ծնողներ երբ որդիներ կը ծնին եւ ֆիզիքապէս զաւակներ լոյս աշխարհ կը բերեն՝ միաժամանակ հոգի եւ կեանք ալ կը փոխանցեն։ Եւ ոչ միայն այդ րոպէէն սկսեալ, այլ յղութեան առաջին իսկ վայրկեանէն եւ ծնունդէն անմիջապէս ետք ծնողաց առաջնակարգ պարտականութիւնն է սնունդի, խնամքի, գուրուրանքի եւ պաշտպանութեան կողքին, նորածին մանկան նաեւ մտային եւ հոգեւոր սնունդ ջամբել։

Այսպէս մօր մը զգացական եւ հոգեկան խաղաղ աշխարհը, դրական մտածումներն ու մթնոլորտը ինչպէս նաեւ աղօթքներն ու բարի տրամադրութիւնները, մանաւանդ սիրազեղ անհուն ուրախութեամբ եւ անձկութեամբ իր նորածինը ողջունելու խանդավառ տրամադրութիւնը մանկան կազմաւորման շրջանին եւ ծնունդէն առաջ ու ետք,անպայման իրենց օգտաւէտ ազդեցութիւնը կ'ունենան։ Իսկ ընդհակառակը աղմուկ, ժխոր, իրարանցում, վիճաբանութիւն թէ վայրագ շարժապատկերներ իրենց ժխտական եւ աւերիչ հետեւանքները կրնան ունենալ տակաւին իր մօրը արգանդին մէջ կազմաւորուող երեխային հոգեկան թէ ֆիզիքական առողջութեան վրայ։

Յովհաննէս Առաքեալ ծննդաբերող մօր մասին խօսելով հետեւեալը կը վկայէ ՝՝Կին մը երբ պիտի ծնի՝ ցաւ կը քաշէ, քանի ծննդաբերութեան ժամանակը հասած է, բայց երախային ծնունդէն ետք այլեւս իր նեղութիւնները չի յիշեր այն ուրախութեան պատճառով, որ մարդ մը աշխարհ եկաւ՝՝ (Յովհ 16։21)։ Որովհետեւ աշխարհ եկող իւրաքանչիւր մանուկ, Աստուծոյ աչքին արժէքաւոր նոր անհատ մըն է եւ իւրայատուկ պարագայ ու դէպք է ։







All the contents on this site are copyrighted ©.