2010-10-11 14:43:34

Վատիկանի Ռատիոկայանի ընդհանուր տնօրէն՝ Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի շաբաթական խմբագրականը


Խաղաղութեան սերմը



Երկու շաբթուայ ընթացքին, համայն եկեղեցւոյ ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնանայ Միջին Արեւելքի Կաթողիկէներու վրայ , որով իրենց եպիսկոպոսները պիտի համախմբուին Հռոմ` միջին արեւելքի համար գումարուած ՜՜Յատուկ Սինհոդոսի՝՝ առթիւ։

Միջին արեւելքի մէջ, քրիստոնեաները փոքրամասնութիւն կը կազմեն, իսկ որոշ երկիրներու մէջ, չնչին ներկայութիւն ունին, ոչ մէկ ազդեցութիւն ունենալով քաղաքական կամ ընկերային կեանքէն ներս։ Այդ շրջանի կացութիւնը՝ լարուած եւ պատերազմական վիճակը, քրիստոնեաները յուսահատութեան մատնելով՝ զանոնք կը մղէ գաղթելու աւելի ապահով եւ բեղուն վայրեր։

Միջին արեւելքը սակայն, նաեւ՝ այն վայրն է ուր կեանք առաւ քրիստոնէութիւնը եւ ուր գոյութիւն ունին անոր արմատները եւ հնագոյն աւանդութիւնները լի մշակութային եւ հոգեւոր հարստութեամբ։

Ասոր համար է որ Միջին արեւելքի բարդ պարագան, մեզ բոլորս մասնակից կը դարձնէ անոր ունեցած մտահոգութիւններուն եւ ասոր համար է որ Նորին Սրբութիւնը գումարեց այս պատմական առաջին Սիւնհոդոսը, նուիրուած՝ ոչ թէ նիւթի մը կամ յատուկ երկրի մը ու կամ ցամաքամասի մը, այլ՝ ամբողջ շրջանի մը։

Հաղորդութիւն եւ վկայութիւն այս է սիւնհոդոսի կեդրոնական նիւթը , որ յիշել կու տայ թէ երուսաղէմի մէջ կազմուած՝ առաջին քրիստոնեայ հասարակութիւնը ունէր մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի։

Անոնք որոնք չ՝ ունին քաղաքական կամ ռազմական ուժեր, անոնք որոնք յաճախ կ՝ ենթարկուին բռնաբարութիւններուն, ուրիշ ճառ չ՜ունին եթէ ոչ ՜՜դիմել հոգիի եւ սիրոյ զօրութեան՝՝ բարձրաձնելով զօրաւոր եւ հաւատալի խաղաղութեան աղաղակ եւ աղերսանք մը։

Միջին արեւելքի զանազան եկեղեցիներու միութիւնը կապուած՝ համայն աշխարհի եկեղեցիներու միութեան ու անոնց յատնաբերած զօրակցութեան եւ հոգեւոր ու նիւթական օժանդակութեան, եւ մանաւանդ Սրբազան Քահանայապետի ցուցաբերած մօտիկութիւնը ու ներկայութիւնը - որ այս միութեան հիմքը կը ներկայացնէ - Հռոմի մէջ գումարուած այս Սիւնհոդոսը կը ներկայացնեն միաձայն իբր նշան յոյսի ու խաղաղութեան սերմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.