2010-10-11 14:43:08

Սրբազան Քահանյապետը Կը Նախագահէ Միջին Արեւելքի Սիւնոդոսի Նիստը Վատիկանի Սինոդոսական Ժողովի Սրահին Մէջ։


Այս առաւօտ ժամը 9 ին Վատիկանի Սինոտական Սրահին մէջ սկիզբ արաւ Միջին արեւելքի նուիրուած յատուկ սիւնհոդոսի առաջին նիստը նախագահութեամբ Պենետիկտիս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին եւ մասնակցութեամբ Միջին արեւելքէն ժամանած Պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու թիւով 185։ Նիստը սկսաւ աղօթքով որուն յաջորդեց սաղմոսերգութիւն։ Ապա Նորին Սրբութեան իր պատգամը ուղեց ներկաներուն յանձնելով սիւնոտոսական նիստը Անտուածամօր հոգատարութեան։ Ան ըսաւ թէ Աստուծոյ եւ մարդու միջեւ կապը ամրապնդուեցաւ Քրիստոսի մարդեղութեամբ Սիրամոր միջոցաւ ահա դէ ինչու Աստուածամայրը կարեւոր դեր ունի փրկչագործութեան մէջ։ Աստուածաշայրը միեւնոյն ժամանակ մայրն է նաեւ եկեղեցւոյ։ Ծնունդ խաչելութիւն եւ Յարութիւն Քրիստոսի ուղւն է որուն նաեւ կը հետեւի եկեղեցին։ Խաչի միջոցաւ է որ կ̓ընդանայ եկեղեցւոյ միութիւնը եւ անոր տիեզերականութիւն։ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ անդրադարցաւ աշխարհը յուզող կարք մը հարցերուն ինչպես դրամատիրութիւնը, դմրամոլութիւն եւայլն որոնք սխալ աստուածներ են որ աշխարհը կը հրապուրեն եւ մարդուն կործանումին կը ձգտին։ Հարկ է պայքարիլ ասոնց դէմ։ Ան մեջբերեց Սուրբ Յովհաննէս առաքեալի յայտնութեան գիրգէն Վերջին Դատաստնի մէջ նկարագրուած մէկ պատկերը ուր Վեց գլուխներով եւ տասը կոտոշներով Վիշապը կ̓ուզէ կործանել Կինը իր ետեւ ջուրի հեղեղ մը պոռթկայ զինք հոսանքին մէջ ընկղմելու համար։ Երկիրը օգնեց կնոջ բացաւ բերանը եւ կլանեց ջուրը։ Սրբազան Քահանայապետը ջուրը նմանցուց մեղքին եւ աշխարհը մթագնող ախտերուն իսկ Երկիրը նմանցուց հաւատքին` ազատարար հաւատքի, եւ հրաւիրեց բոլորը ամրապնդելու այս հաւատքը դարձեալ յամձնուելով Աստուածամօր Հոգատարութեան։
Յատագիրը շարունակուեցաւ արեիելեան եկեղեցիներու ժողովի նախագահ Կարտինալ Լէօնարտօ Սանտրիի միջամտութեամբ որուն յաջորդեց Կարտինալ Նիքոլա Էդերովիչիի` Սիւնոտոսի Ընդհանուր գարտուղարի տեղեկագիրը ուր մանրամասնօրէն նշեց այս սիւնոտի գումարումի տեղեկութիւնները ընթացքն ու շոշաբուելիք նիւթերը։ Ապա խօսք արաւ Աղեքսանդրիոյ Ղպտիներու Պտրիարք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Անթոնիոս Նակիպ Սւնոդի Գլխաւոր զեկուցողը որ ներկայացուց սիւնոտոսի օրակարքի նիւթերը։







All the contents on this site are copyrighted ©.