2010-10-11 14:45:34

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի եւ Խրուաթիոյ Նախագահի հանդիպումը Վատիկանի մէջ


Այս առաւօտ Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ընդունեց Խրուաթ Հանրապետութեան Նախագահ Տիար Իվօ Եոզիբովիչը,խօսացկութիւնը տեղի ունեցաւ սիրալիր մթնոլորտի մը մէջ(ինչպէս որ կը տեղեկացնէ Վատիկանի Մամլոյ Հաղորդագրութեանց գրասենեակը) որ առիթ տուաւ գաղաբարներու արդիւնաբեր փոխանակումին, յատկապէս այն ինչ որ կը հայի մարզի ներկայ հարցերուն,յատուկ ակնարկութեամբ մը՝ Պոսնիա - Հերզէկովինայ ապրող խրուաթներու կացութեան . Ապա շեշտը դրուեցաւ Խրուաթիոյ մէջ ի զօրու կացութեան կարգ մը երեւոյթներուն վրայ,Եկեղեցւոյ նպաստին վրայ մշակութային ու հոգեւորական զարգացումին,Եւրոպական Միութենէն ներս Երկրի լրիւ համարկումի ուղեւորութեան ու նաեւ կարեւորութեան վրայ որ Խրուաթիան պահպանէ իր քրիստոնէական ինքնութիւնը։ Սրբազան Հօր հետ ունեցած իր տեսացկութենէն ետք,Խրուաթիոյ Նախագահը Եոզիբովիչ հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէյի եւ Արքեպիսկոպոս Տոմինիք Մամպէրթի հետ Վատիկանի՝Պետութիւններու հետ Յարաբերութեանց Քարտուղարը։







All the contents on this site are copyrighted ©.