2010-10-11 14:43:20

՝՝Սիւնհոդոսը, կարեւոր դէպք մը, համայն Եկեղեցւոյ համար՝՝,կ՝ըսէ Գերապայծառ Նիքոլա Էդէրովիչ,Եպիսկոպոսներու Սիւհոդոսի Ընդհանուր Քարտուղարը։
Միջին Արեւելքի Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսը Վատիկանի մէջ։


Ռատիօ Վատիկանի տուած իր հարցազրոյցին մէջ,Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի Ընդհանուր քարտուղար Գերապայծառ Նիքոլա Էդէրովիչ կ՝ընդգծէ որ Սիւնհոդոսը բացառիկ դէպք մըն է եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը շնորհակալ պէտք է ըլլայ Աստուծոյ ,անոր համար որ կարելի եղաւ իրագործել եւ մասնաւորապէս մենք (Ընդհանուր Քարտուղարութեան անձնակազմը) շատ աշխատեցանք Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հօր լուսաւոր առաջնորդութեան ներքեւ։ Շարունակաբար շնորհակալ ըլլանք Տիրոջ այս երջանիկ նախաձեռնութեան համար որ առաջին անգամ ըլլալով պատմութեան մէջ ժողովի կը կանչէ, կը մէկտեղէ Հռոմի մէջ Միջին Արեւելքի բոլոր Եպիսկոպոսները։ Սրբազան Հայրը անտարակոյս պիտի տայ շատ պատեհ ցուցմունքներ աշխատանքներու գործադրութեան մասին,անոր համար որ ան մօտէն ծանօթ է Միջին Արեւելքի Ընկերային ու Եկեղեցական կացութեան, հողաշէրտ մը որ այցելած է բազմաթիւ անգամներ, ունենալով բազմաթիւ հանդիպումներ Միջին Արեւելքի Եպիսկոպոսներուն հետ,եւ արեւելեան վեց կաթողիկէ Եկեղեցիներու Պատրիարքներուն հետ ,ներառեալ Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքութիւնը։ Ուստի (կ՝ըսէ Գերապայծառ Նիքոլա Էդէրովիչ) մեծապէս պէտք է շնորհակալ ըլլանք Աստուծոյ այս բացառիկ դէպքին համար,ու նաեւ այն իրողութեան համար որ քրիստոնեաները ներկայ են Սուրբ Երկրի մէջ աւելի քան Երկուհազար տարիէ ի վեր,մեր Տէր Յիսուսի փառաւորեալ խորհուրդէն,անոր ծնունդէն մինչեւ մահը,Սուրբ Հոգիի Գալուստէն.... եւ հակառակ բոլոր այն բազմաթիւ դժուարութիւններուն որոնք այս քսան դարերու հոլովոյթին յաղթահարեցին ։ Ասիկա նաեւ մեզի համար յոյս մըն է թէ՝ քրիստոնեաները հոն պիտի մնան, ներկայիս, ու նաեւ ապագային, շնորհիւ բոլոր քրիստոնեաներու զօրակցութեան ու համայն աշխարհին եւ յատկապէս՝ Սուրբ Հոգւոյ ներգործօն զօրութեան ։







All the contents on this site are copyrighted ©.