2010-10-10 09:10:41

Մարաշի Նահանգին Մէջ Հայերուն Պահած Գանձերը Կը Փնտռեն...


Թրքական ՝՝Միլլիյէթ՝՝ օրաթերթը կը տեղեկացնէ որ Մարաշ նահանգին մէջ, ուր մինչեւ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը հայ բնակչութիւնը մեծ թիւ կը կազմէր, չորս թուրք փորձած են փնտռել ՝՝հայկական գանձեր՝՝փորելով 43 մեթր փապուղի մը։ Երեք թուրքերը մտածելով, թէ իրենք յայտնաբերած են Մարաշ նահանգի Քարա Էլպիսթան աւանի գերեզմանին տակ հողով ծածկուած պատմական եկեղեցւոյ տեղը, համաձայնութեան եկած են գերեզմանին մօտ ապրող անձի մը հետ եւ անոր տան մէջէն սկսած են փորել փապուղի մը՝ հասնելու համար (ըստ իրենց ենթադրութեան) վեց մեթր խորութեան վրայ գտնուող եկեղեցւոյ եւ հանելու համար ենթադրեալ անձերը։ Գանձ փնտռող թուրքերը մէկ ամսուան ընթացքին փորած են 43 մեթր փապուղի, եւ հասած դուռի մը, որուն վրայ խաչ եղած է, սակայն զայն չեն բացած՝ մտածելով, որ ներսը թունաւոր կազ կրնայ ըլլալ, կամ այլ ծուղակ մը, եւ լքած են փապուղին։ Այդ ընթացքին գանձ որոնողներուն միջեւ վիճաբանութիւն սկսած է եւ տանտէրը դիմած է ոստիկանութեան ։ Ոստիկանները ձերբակալած են չորս հոգին, որոնք ապա ստորագրութեամբ ազատ արձակուած են։







All the contents on this site are copyrighted ©.