2010-10-10 09:30:00

Բացում Արեւելեան Եկեղեցիներու Յատուկ Սիւնհոդոսին - Սուրբ Պատարագ Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարի մէջ


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 10 հոկտեմբեր 2010, առաւօտեան ժամը 9.30-ին, Վատիկանի՝ Ս. Պետրոս Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագով սկիզբ առաւ Արեւելեան եկեղեցիներու նուիրուած յատուկ սիւնհոդոսը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 24 Հոկտեմբեր, եւ որուն կը մասնակցին արեւելեան եկեղեցիներու եպիսկոպոսները։

Սրբազան արարողութիւնը նախագահեց նորին սրբութիւն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, ի ներկայութեան 177 սիւնհոդասական Հայրերու եւ սիւնհոդոսի նիստի մասնակցողներուն (19 Կարդինալ, 9 Պատրիարք, 72 Արքեպիսկոպոս, 67 Եպիսկոպոս, 10 Քահանայ եւ 69 օգնականներ)։

Արարողութեան մասնակցող Արեւելեան եկեղեցիներու եօթը պատրիարքներն են. Կարդինալ Նասրալլահ Սֆէյր՝ Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի մարոնիներու Պատրիարքը,  Գրիգոր Գ. Լահհամ՝ Անտիոքի եւ համայն  Արեւելքի, Աղեքսանդրիոյ ու Երուսաղէմի Յոյն Մելքիթ կաթողիկէներու Պատրիարքը, Էմմանուէլ Գ.՝ Բաբելոնի Կաթողիկէ Քաղդէացիներու Պատրիարքը, Անթոնիոս Նակիպ՝ Աղեքսանդրիոյ Ղպտի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Պատրիարքը, Ներսէս Պետրոս ԺԹ՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս Պատրիարքը, Մար Իգնատիոս  Եուսէֆ Գ. Եունան՝ Ասորիներու (Սուրիաններու) Անտիոքի Պատրիարքը, եւ գերերջանիկ ֆուատ Թուալ ՝ Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքը։

Պատարագի ընթացքին արտասանուեցան արեւելեան զանազան լեզուներով աղօթքներ եւ կատարուեցան հոգեւոր երգեցողութիւններ իսկ սպասարկութիւնը կատարեցին արեւելեան եկեղեցիներու Սարկաւագներ եւ նորընծաները։

Այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ, Նորին Սրբութիւնը ուզեց շեշտել այս առիթի յատուկ բացառկութիւնը ''շնորհքը առաջին անգամուայ համար հաւաքուելու Սուրբ Պետրոսի գերեզմանին շուրջ,  Միջին Արեւելեան շրջանի  բոլոր Եպիսկոպոսները,  Հռոմի Եպիսկոպոսի հետ միասին,  մասնակցելու՝ Միջին Արեւելքի նուիրուած յատուկ սիւնհոդոսին''։

Այս յատուկ առիթը կը բացայայտէ համայն եկեղեցւոյ շահագրգռութիւնը ''Սուրբ Երկրի եւ Միջին Արեւելքի  մէջ ապրող քրիստոնեաներուն՝՝ նկատմամբ։

Փառք տանք Աստուծոյ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, որ հակառակ խոչընդոտներուն եւ դժուարութիւններուն, Միջին Արեւելքի մէջ` Յիսուսի ժամանակներէն ի վեր Քրիստոնեաները շարունակեցին գոյատեւել։ Իմ եղբայրական խօսքս կ՛ուղղեմ արեւելքի եկեղեցիներու պատրիարքներուն՝ (անոնցմէ ամէն մէկուն) եւ իրենց միջոցաւ իրենց հովուած ժողովուրդին, ըլլայ Միջին Արեւելքի մէջ եւ ըլլայ սփիւռքի մէջ։

Եկեղեցին գոյութիւն ունի, ըլլալու՝ մարդոց մէջ ''նշան'' եւ գործելու՝ միակ եւ ընդհանրական փրկագործ ծրագիրին ի սպաս։ Ան  այս առաքելութիւնը կը կատարէ ըլլալով պարզապէս ''Հաղորդութիւն եւ վկայութիւն'', ինչպէս կ՝արտասանէ այսօրուան Սիւնհոդոսի բնանիւթը։

Առանց Հաղորդութեան վկայութիւն չի կրնար ըլլալ եւ վկայութիւնը կը կայանայ հաղորդութեան մէջ։ Ինչպէս ըսած էր Յիսուս. ''Ասո՛վ բոլորը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ սէր ունենաք իրարու հանդէպ” (Յովհաննէս 13, 35)։

Սրբազան Քահանայապետը քարոզը աւարտեց Սիւնհոդոսական աշխատանքը յանձնելով Միջին Արեւելքի սուրբերուն եւ Սուրբ Կոյս Մարիամի խնամատարութեան,  որպէսզի ''յաջորդ օրերուն մեր աղօթքները, մեր խորհրդածութիւնները եւ մեր հաղորդութիւնը, ըլլան պտղաբեր` Միջին Արեւելքի ներկայ եւ ապագայի սիրալիր ժողովուրդին համար''։

''Խաղաղութիւն քեզի, Խաղաղութիւն քու տանդ եւ խաղաղութիւն այն ամէն բաներուն որ քեզի կը պատկանին''։








All the contents on this site are copyrighted ©.