2010-10-09 14:07:02

ֆրանսայի Նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի Այցելութիւնը Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին


ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի 8 Հոկտեմբերին այցելեց Սրբազան Քահանայապետին։ Հանդիպումին ընթացքին մասնաւորապէս խօսուեցաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու իրավիճակին եւ խաղաղութեան գործընթացքին մասին, նոյնպէս խօսուեցաւ տնտեսական հարցերու բարոյական ծաւալի մասին։ Խօսակցութիւնները կէս ժամ տեւեցին, որմէ ետք նախագահ Սարքոզի հանդիպում ունեցաւ Ս. Աթոռի Պետական քարուղար կարտինալ Պերթոնէի եւ ապա արտգործ նախարար Մամբերթիի հետ։
Սարքոզիի այցելութեան երկրորդ հանգրուանը եղաւ, աղօթքի պահ մը Ս. Պետրոս տաճարին մէջ։ Աղօթքը գլխաւորեց կարտինալ Ժան Լու Թոռան որ ֆրանսային ղեկավարներուն մաղթեց քաջութիւն եւ յարարտեւութիւն որպէսզի կարենան մասնաւորապէս հիւրընկալ քաղաքականութիւն ունենալ հանդէպ արտահաններուն եւ փախստականներուն։
Սրբազան արարողութիւնը տեւեց շուրջ քառորդ ժամ։
Կէսօրին ֆրանսական դեսպանատան մէջ նախագահ Սարքոզի ընդունելով Վատիկանի բարձրագոյն իշխանութիւնները համագործակցութեան կոչ ըրաւ ֆրանսայի ու Եկեղեցւոյ միջեւ, լաւագոյն կերպով բարւոքելու՝ երկրագունդի իրավիճակը, ընդգծելով թէ ամէն հաստատութիւն իր իւրայատուկ դերը ունի։ 







All the contents on this site are copyrighted ©.