2010-10-09 14:06:31

Վատիկանը Կը Պատրաստուի Գումարել Առաջին Սիւնոդոսը Միջին Արեւելքին Համար, Կարեւոր Աշխարհաշրջան Մը՝ Խաղաղութեան Ու Երկխօսութեան Ի Խնդիր։


Հոկտեմբեր 10-էն սկսեալ եւ երկու շաբաթ տեւողութեամբ Սրբազան Քահանայապետը բազմաթիւ կարտինալներու եւ եպիսկոպոսներու հետ, պիտի կեդրոնացնեն իրենց ուշադրութիւնը Միջին Արեւելքին վրայ` աշխարհի կարեւոր մէջ շրջանը խաղաղութեան իրագործումին, համամիութենական երկխօսութեան, ու միջկրօնական երկխօսութեան համար։
Վատիկանի եպիսկոպոսական սիւնոդոսի ընդհանուր քարտուղարը գերապայծառ Էդերովիչ, մամուլին հետ ունեցած՝ ելոյթով , յայտնեց թէ՝ շուրջ 330 հոգի կը մասնակցին Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու սիւնոդոսին։
185 սիւնոդոսական հայրերէն 140-ը կը պատկանի արեւելեան ծէսերու։
Աւելի ճիշտ կը հաշուենք 101 եպիսկոպոս, եկած՝ Միջին Արեւելքէն, 23-ը սփիւռքէն, 19-ը դրացի երկիրներէն, Քահանայապետէն նշանակուած՝ 17 անդամներ, 36 մասնագէտներ, 34 ունկնդիրներ, ինչպէս նաեւ հրեայ եւ իսլամ կրօններու ներկայացուցիչներ։
Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու իրավիճակը կը պահանջէ սրտի ու մտքի բացութիւն եւ երկխօսութիւն հրեաներու եւ իսլամներու հետ, ըսաւ գերապայծառ Էդերովիչ, ընդգծելով թէ՝ Նորին Սրբութեան ճամբորդութիւնները Թուրքիա, 2006ին եւ Ս. Երկրիր 2009ին, ինչպէս նաեւ Կիպրոս 2010ին առիթ տուին Սրբազան Հօր տեսնելու՝ քրիստոնեայ հաւատացեալներու ուրախութիւնն ու տառապանքը, որոնք կարիքը ունին յատուկ հոգատարութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.