2010-10-09 12:11:16

Նորին Սրբութիւնը Ընդունեց Արեւելեան Կանոնագիրքի Նիւթին Մասին Ժողովին Մասնակցողները:


Նորին Սրբութիւնը Ընդունեց Արեւելեան Կանոնագիրքի Նիւթին Մասին Ժողովին Մասնակցողները:
Սրբազան Քահանայապետը շաբաթ 9 հոկտեմբերին առաւօտեան, ընդունեց Արեւելեան կանոնագիրքի նիւթին մասին ժողովին մասնակցողները, որոնց աշխատանքը տեղի ունեցաւ Վատիկան՝ 8-9 հոկտեմբերin, կանոնագիրքի վաւերացման 20-րդ տարեդարձին առթիւ։
Յայտնենք թէ' Հոկտեմբեր 7-ին Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի քարտուղարը` գերապայծառ Չիրիլլօ Վազիլ, մամուլին ներկայցնելով՝ Արեւելեան կանոնագիրքի ժողովին նախապատրաստական աշխատանքը եւ ակնկալութիւնները, ըսաւ թէ՝ այդ եկեղեցիներու հաւատացեալները գաղթելու փորձութեան մէջ են, դէպի նիւթապէս հարուստ Արեւմուտքը։
Մինչ եկեղեցին կը պատրաստուի Միջին Արեւելքի արտակարգ եպիսկոպոսական սիւնոդոս գումարել , 10 հոկտեմբերէն սկսեալ , գերապայծառ Վազիլ բացայայտեց թէ այդ գաղթի պատճառները բազմաթիւ են. ինչպէս՝ քաղաքացիական պատերազմները, աղքատութիւնը, եւ արեւմտեան տնտեսական հրաշքի ցնորքը։







All the contents on this site are copyrighted ©.