2010-10-09 14:05:07

Միջին Արեւելքի Յատուկ Եպիսկոպոսաց Սիւնոդոսի Համար Երեկոյեան Աղօթք. ՜՜Հաղորդութիւն եւ վկայութիւն ՝՝։


Ուրբաթ 8 Հոկտեմբեր 2010-ի երեկոյեան ժամը 8.30 ին, նախագահութեամբ՝ կարտինալ Պերնարտօ Սանտրիի եւ կազմակերպութեամբ՝ Միջին Արեւելքի կղերիկոսներու եւ կրօնաւորներու միութեան, Հռոմի Լեւոնեան քահայապետական Հայ վարժարանի՝ Սուրբ Նիկողայոսի անուան եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ աղօթքի երեկոյ մը՝ ՜՜Ուղեկցիլ Սիւնոդոսական հայրերու՝՝ տիտղոսով։
Կարտինալին կողքին մասնակցեցան Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու երեք պատրիարքներ՝ Ամեն. Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքը,
Ամեն. Եուսէֆ Գ.Եունան Անտիոքի Ասորիներու պատրիարքը եւ Ամեն. Անթոնիոս Նակիպ Աղեքսանդրիոյ Ղպտիներու պատրիարքը, նաեւ Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսները, միաբանութիւններու աբբահայրեր եւ մեծաւորներ, Միջին Արեւելքի կաթողիկէ եպիսկոպոսներ, Հռոմէական արեւելեան վարժարաններու րեկտորներ, սարկաւագներ ժառանգաւորներ եւ հաւատացեալներ։
Արարողութեան սկիզբը, Ամենապատիւ հոգեւոր Տէրը ողջոյնի խօսք մը ուղղեց ներկաներուն։
Զանազան լեզուներով աղօթքներ եւ շարականները կանխեցին Աւետարանի հռչակումը։
Աւետարանի ընթերցումէն ետք՝ (արաբերէնով եւ իտալերէնով) արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի նախագահը՝ կարտինալ Լեոնարտօ Սանտրին իր պատգամը ուղղեց այս հաւաքի մասնակցողներուն։
Հանդիպումի Աւարտին Հայր Միշէլ Սաղպինի խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց այս հոգեպարար երեկոյին մասնակցողներուն եւ հրաւիրեց բոլորը մասնակցելու ընդունելութեան որ պատրաստուած էր Լեւոնեան վարժարանի ՜՜Շնորհալի՝՝ի անուան դահլիճին մէջ։
Աղօթքը մեծապէս օգտակար պիտի ըլլայ որպէսզի Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները սկսին եւ աւարտեն այս սիւնոդոսը
վերագտնելով՝ անոր նիստերուն ընդմէջէն, իրենց արժանապատուութիւնը, քրիստոնէական հասուն հաւատքը եւ Աստուծմէ սիրուած ըլլալու գիտակցութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.