2010-10-09 14:04:54

Հայր Գաբրիէլ Վրդ. Մուրատեան Պաշտօնապէս Կը Ստանայ ՜՜Տոքթոր՝՝ի Տիտղոսը։


Զմմառու միաբան գերապատիւ Հ. Գաբրիէլ վրդ. Մուրատեան պաշտօնապէս կը ստանայ ՜՜Տոքթոր՝՝ի տիտղոսը, հրատարակելով իր աւարտաճառը Լատերանեան համալսարանին մէջ, վանականութիւնը հայ Եկեղեցւոյ մէջ, ծագումը եւ աղբիւրներ» թեմայով։
Տոքթոր հայր Գաբրիէլ վրդ. Մուրատեան, ընդհանուր մատակարարն է Զմմառու միաբանութեան վարչութեան։
Ան իր ուսումը ստացած է Զմմառու մէջ, ապա անցած՝ Հռոմ ուր մասնագիտացած է Յիսուսեաններու Գրիգորեան համալսարանին մէջ։ Վերադառնալով Լիբանան, Սաժէս համալսարանին մէջ շարունակած է իր մասնագիտութիւնը։ Իր ՜՜եկեղեցական կանոնագիտութեան՝՝ տոքթորայի աւարտաճառը կատարած է Հռոմի Լատէրանեան պապական համալսարանին մէջ ։
Յատուկ կերպով մասնագէտ է արեւելեան կանոնագիտութեան մէջ։
Ան այսօր նախագահն է հայ կաթողիկէ պատրիարքական կանոնական յանձնախումբին։
Ռատիօ Վատիկանի Հայերէն Հաղուրդմներու անձնակազմը կը շնորհաւորէ եւ յաջողութիւն կը մաղթէ Տոքթոր հայր Գաբրիէլ վրդ. Մուրատեանին։







All the contents on this site are copyrighted ©.