Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն խմբակցութեան ներկայացուցիչ Սամուէլ Բալասանեան երէկ
ընտրուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ։Խորհրդարանի 74 պատգամաւորներ Բալասանեանի
թեկնածութեան ի նպաստ քուէարկեցին, իսկ դէմ՝ 6։ Սամուէլ Բալասանեան անցեալին անդամակցած
է Օրինաց Երկիր կուսակցութեան եւ 2007 թուականէն ի վեր անկախ պատգամաւոր էր, իսկ վերջերս
անդամագրուած է Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան։ Ազգային ժողովի երկու փոխ-նախաահներէն
մէկուն պաշտօնը համաձայնական կառավարութեան համաձայնութեամբ յատկացուած է Բարգաւաճ Հայաստան
կուսակցութեան։ Այդ պաշտօնը թափուր մնացած էր Արեւիկ Պետրոսեանի հրաժարականէն ետք։