2010-10-08 13:12:22

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Չիլիի նոր դեսպանի հաւատարմագրերը:


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունելով Չիլիի նոր դեսպանի' տիար ֆերնանտօ Գրուզի հաւատարմագրերը, ողջունեց Չիլիի ժողովուրդին միութիւնը յաչս Չիլիի վերջին աղէտներուն։ Նորին Սրբութիւնը նոր դեսպանին երաշխաւորեց իր ջերմ աղօթքը հանքին մէջ կալանուած՝ 33 գործաւորներուն եւ անոնց ընտանեկան պարագներուն համար։ Սրբազան Հայրը իր ճառին մէջ նաեւ ընդգծեց թէ կարեւոր է՝ որ Չիլին պահպանէ իր հոգեւոր ու բարոյական արժէքները, որոնք կը կազմեն ժողովուրդին ոգին։ Ապա Նորին Սրբութիւնը ըսաւ թէ Չիլին կը դիմագրաւէ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ որոնք կը սպառնան Չիլիի մշակութային ինքութեան մատնանշելով թէ այս ժողովուրդը պէտք է հպարտ ըլլայ իր հարուստ մարդկային ու հոգեւոր ժառանգութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.