2010-10-08 13:20:50

Ոչ Եւս Է՝ Քոյր Իրէն Շըլհօթ Անարատ Յղութեան Միաբանութենէն
( 8/10/1915- 30/09/2010)


Քոյր Իրէն, Մկրտութեան անունով Ռոզ՝ ծնած է Հալէպ 8/10/1915ին՝ Քօսթաքի Շըլհօթ եւ Ճէմիլէ Պրահքշահ բարեպաշտ ու ազնուական ծնողներէ ։
Ռօզ, փոքր տարիքէն կը յաճախէ Հալէպի Tillel-ի յայտնի պողոտայի վրայ, Անարատ Յղութեան Միաբանութեան Քոյրերուն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Վարժարանը՝ ճանչցուած Immaculee անունով։ Միջնակարգի ուսումնական կարգերն ու ծրագրերը աւարտելէ վերջ, կը տիրանայ Ֆրանսերէնի, Արաբերէնի վկայականներու. կեանքի նոր արշալոյս մը կ'առինքնէ զինք. ան հրապուրուած իր դաստիարակ Քոյրերուն կենցաղի, նուիրումի առողջ վերաբերումէն, վարժարանի մաքուր մթնոլորտէն՝ 1933-ին կը մեկնի Հռոմ՝ Մայրավանք։
Նորընծայարանի յարկէն ներս, փոռձառու եւ հմուտ վերակացուի առաջնորդութեամբ կ'իւրացնէ միաբանական կրօնաւորական կեանքի սկզբունքները. երկու տարի վերջ կը հասնի անձկութեամբ սպասուած հանգրուանին. կ'ուխտէ Աղքատութիւն, Ողջախոհութիւն եւ Հնազանդութիւն։ Երեք անքակտելի կապեր՝ որոնք զինք ցմիշտ կը միացնեն Յիսուսի...մինչ այդ, ինք կը հետապնդէ, կը տիրանայ երկրորդական բարձրագոյն ուսմունքի՝ վկայականի։
Քոյր Իրէն, կենսունակ՝ երիտասարդական կորովով պատրաստ՝ 1936-ին կը ղրկուի առաքելութեան՝ Պէյրութ՝ Հռիփսիմեանց Վարժարան՝ անսակարկ կը նուիրուի կրթական դաստիարակչական ասպարէզ, 21 տարի անընդհատ կուսուցանէ, կը դաստիարակէ գրաւելով դեռատի աշակերտուհիներու համակրանքն ու յարգանքը։
1957-էն1968 կը կանչուի Հռոմ որպէս վերակացու, ուսանող թեկնածու օրիորդներու։
1968-1974 քոյր Իրէնին կը վիճակուի Զահլէի Վարժարանի տեսչութիւնը եւ Քոյրերու Հասարակութեան պատասխանատուութիւնը։
1974-1980 նոյն պատասխանատուութիւններով Քոյր Իրէն կանուանուի ու կը փոխադրուի Հալէպ Ա. Թերեզա Վարժարան։
1980-1986-ին կընտրուի որպէս Ընդհանուր Խորհրդականուհի եւ կը փոխադրուի Հռոմ Մայրավանք։ Իսկ 1986-էն մինչեւ իր մահկանացուն, Քոյր Իրէն կը տեղափոխուի Զմմառ՝ ուր տարիներ՝ մեծ սիրով, եռանդով ու նուիրումով կը նպաստէ տանը պահանջքներուն, որբուհիներուն, Քոյրերուն։
Քոյր Իրէն ուրախ, հաղորդական բնաւորութեամբ, միշտ սիրեց Միաբանութիւնը, սիրեց Միաբանակից Քողրերը, սիրեց Միաբանական կեանքը մինչեւ իր մահկանացուն։
Ֆիզիքապէս չափազանց տկարացած, հաւատարմութեամբ հետեւեցաւ հասարակաց բոլոր աղօթքներուն, կեանքին եւ պահեց միաբանական սովորութիւնները։
Վերջին օրերուն բոլորովին ուժասպառ, անկարող, կը յանձնուի անկողնի, մինչեւ իր մահկանացուն 30 Սեպտեմբեր 2010, շրջապատուած Միաբանակից Քոյրերէ, զօրացած Ս. Հաղորդութեամբ, Ս. Միւռոնի Օծումով, որ կը կատարուի իրեն աշակերտած Վարդապետի ձեռօք Հայր Միքայէլ Մուրատեանի։ Համակերպ Աստուծոյ Կամքին, իր վիճակի ծանրութեան, հրաժեշտ կառնէ Միաբանակից Քոյրերէն, Մեծէն Փոքրէն. հրաժեշտի Խօսքը՝ կըլլայ մառած, սակայն խօսուն նայուածքը, աղօթաձեւ միացած ձեռքերը, առ ի շնորհակալութիւն ու կ՝առնէ Վերջին Թռիչքը՝ միանալու զինք կանխող հարազատներուն, Միաբանակից, ուխտակից Քոյրերուն։
Քոյր Իրէնի անշնչացած մարմնոյն՝ վերջին յարգանքի եւ սիրոյ հրաժեշտին կը փութան միաբանակից Քոյրերը, իր հարազատները։ Սրբազան արարողութիւնը կը կատարէ Արհիապատիւ Յովհաննէս Եպ. Թէյրուզ, դամբանական Խօսքը կըսէ Գերյարգելի Հայր Միքայէլ Թ.Ծ.Վրդ. Մուրատեան, Մեծաւորը Զմմառու Միաբանութեան, եւ ապա հոգեհանգստեան պաշտօնէ վերջ, հսկայ թափօռով Քոյր Իրէն կը միանայ զինք կանխող Քոյրերուն։
Ռատիովատիկանի Հայերէն Հաղորդումներու անձնակազմը իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան Ընդհանուր Մեծաւորուհի
Մայր Եւտոքսեայ Քէշիշեանին Միաբանակից քոյրերուն եւ Ողբացեալ քոյր՝ Իրէնի ընտանեկան պարագաներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.