2010-10-07 14:04:07

Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողով .


Ազրպէյճանական ՝՝Թրենտ՝՝ լրատու գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ նախանցեալ օր, Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Մեւլութ Չաւուշօղլուի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ վեհաժողովին մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի պատուիրակութիւններու հանդիպումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի ենթա-յանձնախումբի գործունէութեան հարցը քննարկելու նպատակով։ Հանդիպման մասնակցեցան հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեան եւ պատուիրակութեան անդամ Արմէն Ռուստամեան, իսկ ազրպէյճանական կողմէն՝ այդ պատուիրակութեան ղեկավար Սամետ Սէյիտով եւ պատուիրակութեան անդամ Սապիր Կաճիեւ, ինչպէս նաեւ վեհաժողովի ընդհանուր քարտուղար Մաթիաս Սորինաս։ Հանդիպումէն ետք Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի ազրպէյճանական պատուիրակութեան ղեկավար Սամետ Սէյիտով լրագրողներուն յայտնեց, որ բանակցութիւններուն ընթացքին որոշուած է շփումները շարունակել։ Յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ այսօր։







All the contents on this site are copyrighted ©.