2010-10-07 14:22:44

Աղօթքի Հանդիպում Միջին Արեւելքի Յատուկ Սիւնհոդոսի Դիտաւորութեան։


Յառաջիկայ հոկտեմբեր 10-24, Վատիկանի մէջ գումարուելիք Միջին արեւելքի յատուկ սիւնհոդոսին առիթով, 8 հոկտեմբեր 2010ի երեկոյեան ժամը 20.30ին Հռոմի Լեւոնեան Հայ վարժարանի սուրբ Նիկողայոսի անուան Հայոց եկեղեցւոյ մէջ, տեղի կ' ունենայ Աղօթքի Հանդիպում մը` Միջին Արեւելքի Սիւնհոդոսին մասնակցող Եպիսկոպոսական հայրերու դիտաւորութեամբ։

Աղօթքի հանդիպումը ձեռնարկած է, միջին արեւելքի կղերի ընկերակցութիւնը։ Հանդիպումը կը նախագահէ Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովի նախագահ` Կարտինալ Լէօնարտօ Սանտրին, ներկայութեամբ՝ արեւելեան եկեղեցիներու Պատրիարքներու, եպիսկոպոսներու, կղերին ու կարգ մը աշխարհականներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.