2010-10-06 14:41:34

Քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը մամուլին հետ ունեցած ելոյթով կը հաստատէ թէ համամիութեան լաւագոյն կերպն է ''անհատական հանդիպումը''։


Քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը` գերապայծառ Քուրդ Գոշը մամուլին հետ ունեցած ելոյթով կ'ընդգծէ  թէ համամիութեան աշխատանքին մէջ հարակաւոր է համբերութիւնը եւ մօտեցումը։ Համամիութեան լաւագոյն եղանակն է ''հանդիպումը''- անձերու հետ շփումը։
Ապա ան մատնանշեց թէ համամիութեան շարժումը աղօթքով սկսաւ մատնանշելով թէ քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի տարեկան շաբաթը Վատիկանեան եկրորդ ժողովի կողմէ իւրացուեցաւ։
Հուսկ գերապայծառ Գոշը ըսաւ թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կ'ուզէ որ համամիութեան պատասխանատուն լաւ ճանչնայ քոյր եկեղեցիները ոչ միային գիրքերու միջոացաւ այլեւ անհատական փորձառութեամբ։ Արդարեւ առանց անհատական հանդիպումներու շատ դժուար է աստուածաբանական երկխօսութիւն հաստատել, որ ինքնին շատ բարդ է։ Երկխօսութիւնը պէտք է ունենայ երկու մակարդակ` սիրոյ մակարդակ եւ ճշմարտութեան մակարդակ։
Յայտնենք թէ վերոյշեալ խորհուրդը երկխօսութիւն հաստատած է 15 քոյր եկեղեցիներու հետ, ինչպէս նաեւ հրեայ կրօնի հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.