2010-10-06 13:05:42

Քոնկրեսական Էնտրուզ, Օպամային Կոչ Ուղղած է Հայաստանի Համար։


Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական Ռոպըրթ Էնտրուզ Օպամայի վարչակազմին կոչ ուղղած է Առեւտուրի եւ Ներդրումներու շրջանակային համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններու սկսելու Հայաստանի հետ, նշելով, որ ատիկա պիտի նպաստէ երկու երկիրներու տնտեսական աճին, ինչպէս նաեւ աւելի պիտի ամրապնդէ հայ ժողովուրդին հետ յարաբերութիւնները։
Պիւտճէի եւ Զինեալ ուժերու ազդեցիկ յանձնախումբերու աւագ անդամ Ռոպըրթ Էնտրուզ 7 սեպտեմբերին համապատասխան նամակովը դիմած է Միացեալ Նահանգներու առեւտրական ներկայացուցիչ Ռոն Քըրքին, նամակին մէջ կը նշուի, որ նման համաձայնագիրերը կեանքի պիտի կոչեն քարոզարշաւի ընթացքին նախագահին հնչեցուցած խոստումները՝ առեւտրական յարաբերութիւններու ընդլայնման եւ նպատակային օգնութեան միջոցով նպաստելու Հայաստանի աճին եւ զարգացման,ամրապնդելով երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական, քաղաքական, զինուորական եւ մշակութային յարաբերութիւնները։ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներու բոլոր հայերուն անունով շնորհակալութիւն յայտնած է քոնկրեսական Ռոպըրթ Էտրուզին իր այդ նախաձեռնութեան համար, իսկ Ռոն Քըրքին կոչ ուղղած է ջանքեր գործադրելու այդ ուղղութեամբ։







All the contents on this site are copyrighted ©.