2010-10-06 14:41:22

Պենետիկտոս ԺԶ , Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը ՝՝Կնոջ դերը եկեղեցւոյ մէջ՝՝ նիւթին մասին։


Չորեքշաբթի 6 հոկտեմբեր, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի աւելի քան 5 հազար ուխտաւորներուն, որոնք համախմբուած էին Ս. Պետրոսի հրապարակը։ Նորին Սրբութիւնը շարունակելով իր խորհրդածութիւնը ՝՝Կնոջ դերը եկեղեցւոյ մէջ՝՝ նիւթի մասին, ներկայացուց Սրբուհի Ճերդրուտը։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր(ըսաւ Սրբազան Հայրը իր խօսքի սկիզբը).
Այսօր կ'ուզեմ խօսիլ Սրբուհի Ճերդրուտի մասին, ծնած 13-րդ դարուն։ Ան եղաւ աշակերտուհի սրբուհի Մադիլտ Տը Հաքպորնի, որու մասին անցեալ չորեքշաբթի օրը խօսեցայ։ Ան մեծ տաղանդով օժտուած էր եւ հոգեւոր արտակարգ պարգեւներով։
Խորապէս խոնարհ ու եռանդով լեցուն հոգիներու փրկութեան համար, Սրբուհի Ճերդրուտ ապրեցաւ Աստուծոյ հետ սերտ միութեան մէջ ու միշտ պատրաստակամ եղաւ օգնութեան հասնելու կարիքաւորներուն։ Մարդաբանական ուսումներէ ետք, անցաւ աստուածաբանական ուսման։ Իր կեանքը նուիրեց գրելով ու ծաւալելով հաւատքի ճշմարտութիւնները, պարզ ու հասկնալի ոճով եւ հաւատարմութեամբ աշխատելով եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։ Ով որ անոր մօտեցած է(ընդգծեց Սրբազան Հայրը) զգացած է Տիրոջ ներկայութիւնը։
Աղօթքս է (ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածիութիւնը եզրափակելով) որ Մեծն Սրբուհի Ճերդրուտէն սորվինք ըլլալ աստուածսէր ու եկեղեցասէր։ Անոր դպրոցին յարելով իրմէ սորվինք մշակել անհատական աղօթքի սովորութիւնը, հաւատարմութեամբ մասնակցինք Սուրբ Զոհին, եւ խորապէս սիրենք ու ապրինք ծիսակատարութիւնը ու հմտանանք Սուրբ Գիրքի մէջ։
Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները, անոնց մաղթելով որ իրենց ուխտագնացութիւնը Հռոմ սատարէ ամրապնդելու իրենց անձանական կապը Յիսուսի հետ։ ՝՝Մի վախնաք առջնորդուելու Սրբուհի Ճերդրուտի օրինակէն(ըսաւ Նորին Սրբութիւնը)։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը հայրական խօսք մը ուղղեց՝ ունկնդրութեան ներկայ երիտասարդներուն, հիւանադներուն եւ նորապսակեալներուն, յիշեցնելով թէ վաղը(հինգշաբթի ), եկեղեցին կը տօնէ Վարդարանի Տիրամօր տօնը։ Արդարեւ հոկտեմբեր ամիսը Սուրբ Վարդարանին նուիրուած է։ ՝՝Ասիկա բարեպատեհ առիթ մըն է արժէքաւորելու այս աղօթքը, այնքան սիրելի Աստուծոյ ժողովուրդին,կը խրախուսեմ ամէնքդ ամէն օր աղօթելու Սուրբ Վարդարանը՝՝ (ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ.ՍրբազանՔահանայապետը,եզրափակելով իր խօսքը)։







All the contents on this site are copyrighted ©.