2010-10-06 14:48:35

Հերթական մեր հանդիպումը - Հ արցազրոյց


Հռոմի Լեւոնեան Վարժարանի մէջ 5 - 9 հոկտեմբեր 2010 տեղի կ̓ունենայ Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսը նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին։ Սիւնոդոսին կը մասնակցին աշխարհասփիւր հայ կաթողիկէ Թեմերու առաջնորդները եւ հրաւիրուած մի քանի Թագադիր Ծայրագոյն Վարդապետներ։ Սիւնոդոսական նիստերը պիտի շօշափեն զանազան նիւթեր ի մէջ այլոց հոկտեմբեր 10-24 Վատիկանի մէջ գումարուած Միջին արեւելքի Եկեղեցիներու նուիրուած յատուկ սիւնոդոսի թղթածրարը, Պատրիարքական զանազան յանձնախումբերու գործնթացքը ինչպես նաեւ կը քննարկուին պատրիարքութեան եւ թեմերու իրավիճակն ու մարտահրաւէրները` լուծումներ գտնելու յոյսով։

RealAudioMP3 (Թիւ 1)
Հարցազրոյց Հ. Միքայէլ Թ Ծ. վրդ. Մուրատեանի հետ։ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսի Մասին



RealAudioMP3 (Թիւ 2)
Հարցազրոյց Հ. Միքայէլ Թ Ծ. վրդ. Մուրատեանի հետ։ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսի Մասին








All the contents on this site are copyrighted ©.