2010-10-06 13:17:22

էՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ -ԱԿՆԱՐԿ ՄԸ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ.ՊՈԼԻՍ


1923-էն սկսեալ Արեւմտահայ Գրականութիւնը կրնանք անուանել Սփիւռքահայ Գրականութիւն, մանաւանդ որ անոր գլխաւոր թեման կը մնայ Սփիւռքը, օտարին հետ հանդիպումը եւ հայրենիքի կարօտը: Անշուշտ իւրայատուկ տեղ ունի Թրքահայ, մասնաւորապէս՝ Պոլսահայ գրականութիւնը, որ բաւականին ինքնատիպ է:
Պոլիսը Արեւմտահայ գրականութեան համար սկիզբէն- մինչեւ 1915, ապա 1919-էն 1922 եղաւ մեծագոյն կեդրոնը: Հանրապետական Թուրքիոյ մէջ հոս ու հոն ցրուած հայկական փոքրամասնութիւնները բոլորովին կորսնցուցին իրենց ինքնուրոյնութիւնը , ձուլուեցան կամ գաղթեցին դէպի Պոլիս եւ Պոլիսը դարձաւ մեր մեծագոյն գաղութներէն մէկը որ մշակութային եւ նիւթական ահագին ազգային հարստութիւն ժառանգած էր: Արեւմտահայ գրականութեան աւանդները հոն տակաւին կենդանի կերպով կը շնչէին: Հոն էր Պոլսոյ Պատրիարքարանը, բազմաթիւ նախակրթարաններ , երկրորդականներ, լիսէներ , օրաթերթեր եւ հանդէսներ ,մեծ թիւով գիրքեր կը շարունակուէին լոյս տեսնել Պոլսահայ տպարաններէն: Հակառակ այդ տարիներուն տիրող հակահայ քաղաքականութեան եւ մանաւանդ ազգովին կազմակերպելու հնարաւորութեանց բացակայութեան, Պոլիսը սփիւռքահայ գրականութեան տուաւ բազմաթիւ անուններ: Հին սերունդէն հայ գիւղագրութեան ամենամեծ դէմքն է Համաստեղի հետ Յակոբ Մնձուրի-ն/Տէմիրճեան/, իսկ 1945-էն վերջ եւ մինչեւ այսօր բովանդակ հայ գրականութեան մէջ մեծարժէք անուններ եւ բանաստեղծներ, Զահրատը(Զարեհ Եալտըզեանը որ կորսնցուցինք 2007ին), Զարեհ Խրախունին ,Ինքնքասար Ասլանը , արձակագիր ու Մարմարա Օրաթերթի խմբագիր՝ Ռոպեռ Հատէճեանը ու Մկրտիչ Մարկոսեանը նոր սերունդէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.