2010-10-05 13:57:53

Վրաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Հայաստանի Մէջ .


Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Կրիկոլ Վաշածէ իրենց ունեցած պաշտօնական հանդիպումէն ետք երէկ միացեալ մամլոյ ասուլիս մը տուին։ Նախարար Նալբանդեան յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ չկան հարցեր, զորս կարելի չէ բանակցութիւններու միջոցով լուծել։ Նալբանդեան նշեց, որ անցեալ տարուան համեմատ այս տարուան 9 ամիսներուն ընթացքին կողմերուն միջեւ առեւտրա-շրջանառութիւնը աճած է մօտ 50 առ հարիւրով։ Ըստ անոր, ատիկա դրական միտում է եւ բաւական լաւ ցուցանիշ։ Նախարարը անդրադարձաւ նաեւ զբօսաշրջութեան՝ նշելով, որ այս տարի Հայաստանէն Վրաստան այցելեց երեք հարիւր զբօսաշրջիկ։ Կողմերը քննարկած են նաեւ Վրաստանի հայութիւնը յուզող հարցեր։
Իր կարգին, Կրիկոլ Վաշածէ նշեց, որ հայ-վրացական յարաբերութիւնները աւելի լաւ մակարդակի վրայ չեն եղած, քան այսօր երկու երկիրներուն միջեւ կան չլուծուած հարցեր, որոնք, սակայն, խնդիր չեն դառնար։ Այն ինչ կը վերաբերի հայկական դպրոցներու խնդիրներուն, Վաշածէ հաստատեց, որ բացուեցան 103 դպրոցներ, որոնք կահաւորուած են համակարիչներով, իսկ այդ դպրոցներու ուսուցիչներուն պատրաստութիւնը արդէն սկսած է։







All the contents on this site are copyrighted ©.