2010-10-05 14:46:48

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ճառը Պրազիլի հիւսիս արեւելքի եկեղեցական գաւառի եպիսկոպոսներուն։


Իր գրասենեակին մէջ ընդունելով Հիւսիս-Արեւելքի եկեղեցական գաւառի 18 եպիսկոպոսները, հինգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ, Սրբազան Հայրը մասնաւորապէս շեշտած է հարկաւորութիւնը խորացնելու իր առաքելութիւնը քանի կը գտնուի յարաբաերականութեան գաղափառախօսութեան ու աղանդներու մրցակցութեան մէջ։ Սրբազան Հայրը հաստատեց թէ Աւետարանի քարոզութիւնը հրամայական է բոլոր կնքուածներուն համար եւ ոչ թէ վերապահուած խումբ մը եկեղեցականներուն։
Նախապէս Փորդօ Վելօ թեմի առաջնորդը գերապայծառ Կրեչին, իր կարդացած ուղերձին մէջ մտահոգութիւնը յայտնած է բողոքական հոգեգալստականներու արշաւին ի տես եւ փոքրաթիւ քահանաներու ներկայութեան Ամազոնի շրջանին մէջ, որունք տարածութիւնը աւելի քան միլիոն քիլոմեթր է։







All the contents on this site are copyrighted ©.