2010-10-05 13:59:49

Ծերակուտական Մենենտեզ Կը Հիմնաւորէ Մեթիու Պրայզայի Թեկնածութեան Իր Ընդդիմութիւնը.


Ատրպէյճանի մօտ ԱՄՆի դեսպանի պաշտօնին Մեթիու Պրայզայի նշանակման դէմ դնող երկու ծերակուտականներէն Ռապըրթ Մենենտեզ, «The Washington Post»ին մէջ հրապարակուած՝ «Ինչո՞ւ ես կ՛առարկեմ, որ Մ. Պրայզա Դեսպան Նշանակուի Ատրպէյճանի Մէջ» խորագրեալ իր յօդուածին մէջ անգամ մը եւս շեշտած է Մ. Պրայզայի նշանակման դէմ ըլլալուն իր պատճառները: Նշենք, որ Սեպտեմբեր 24-ի իր թիւին մէջ, «The Washington Post»ը մեղադրած էր ծերակուտական Մենենտեզը, նկատի ունենալով, որ վերջինս դէմ է Պրայզայի թեկնածութեան, որովհետեւ անոր կինը ազգութեամբ թուրք է: Այս առթիւ, Ռ. Մենենտեզ կը գրէ. «Ես կը շարունակեմ մնալ այն համոզումին վրայ, որ այս գործին համար Մեթիու Պրայզայի թեկնածութիւնը սխալ ընտրուած է: Իմ դիրքորոշումը որեւէ կապ չունի Մեթիու Պրայզայի կնոջ ցեղական պատկանելիութեան հետ: Իմ դիրքորոշումը պայմանաւորուած է այն փաստերով, որոնք կասկածի տակ կը դնեն, թէ պարոն Պրայզան պիտի կարենա՞յ արդեօք անաչառութիւն պահպանել Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ վերաբերող հարցերուն մէջ: Պէտք է նկատի առնել, որ Մեթիու Պրայզա կը սատարէ Թուրքիոյ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ ժխտողական քաղաքականութեան գծով, եւ բացի ատկէ, ան սերտ կապեր ունի ատրպեճանական իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Ի հարկէ, Միացեալ Նահանգներու դեսպանին ծանօթութիւնները՝ իր աշխատանքային տարածաշրջանի իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, այդքան ալ անսովոր փաստ մը չէ, սակայն, երբ այդ փաստը խանգարելու սկսի տուեալ դեսպանին՝ ԱՄՆի շահերուն հետամուտ ըլլալուն, ես իմ պարտականութիւնը կը համարեմ չաջակցիլ տուեալ անձի թեկնածութեան»







All the contents on this site are copyrighted ©.