2010-10-04 13:45:21

Սպանիոյ Մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Մասնակցի ՜՜ՙՍէնթ Էճիտիօ՝՝ Կազմակերպութեան Համագումարին։


Ընդառաջելով իտալական ՙՍէնթ Էճիտիօ՚ միջազգային կազմակերպութեան հրաւէրին, Արամ Ա. Կաթողիկոս կը մասնակցի Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքին մէջ յիշեալ կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունենալիք միջազգային համագումարին:

Համագումարին պիտի մասնակցին վեց նախագահներ, վարչապետներ, նախարարներ, կրօնական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, տնտեսագէտներ եւ ընկերութեան կեանքի զանազան բնագաւառներու պատկանող պատասխանատուներ:

Արամ Ա. Վեհափառը խօսք պիտի առնէ եկեղեցիներու միութեան ու գործակցութեան նուիրուած նիստին:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.