2010-10-04 13:42:12

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը.

Փալերմոյի Թեմը Ընդունեց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը` Սիկիլիոյ Յոյսը։


Երկուշաբթի 4 հոկտեմբեր 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Պրազիլի հիւսիս-արեւելեան շրջանի եկեղեցական գաւառէն խումբ մը եպիսկոպոպսներ, եկած՝ կատարելու հնգամայ կանոնական այցը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Փալերմոյի Թեմը Ընդունեց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը` Սիկիլիոյ Յոյսը։

Նորին Սրբութիւնը Փալերմոյի թեմին կատարած այցելութեան ընթացքին խնդրեց որ ամենէն տկարները ընդունուին ընկերութենէն ու արժէքաւորեն զանոնք։ Ապա յիշեցուց քահանաներուն թէ՝ պէտք է տրամադրելի ըլլան հաւատացեալներուն եւ սերտ կապ հաստատեն Յիսուսի հետ։ Նորին Սրբութիւնը իր խնդակցութիւնը յայտնեց Սիկիլիացի ժողովուրդին մեծ հաւատքին ու անոր ունեցած ջերմեռանդութեան Ս. Կոյս Մարիամի հանդէպ։ Հուսկ Սրբազան Հայրը խրախուսեց Սիկիլիացիները չվհատելու՝ յաչս բազմաթիւ նեղութիւններուն, որ յաճախ հետեւանքն են գործազրկութեան ու մաֆիայի, այլ ապրելու՝ եւ կեանքի բոլոր պայմաններու մէջ վկայութիւն տալու իրենց հաւատքին։ 

Վատիկան - համաշխարհային առաջին փորձ մը` Արուեստական նոր սրտի մը զետեղում 15 տարեկանի պատանիի մը։

Անցեալ 30 սետեմբերին Վատիկանի ''Պամպինօ Ճեզու'' կոչուած մանկաբուժարանին մէջ տեղի ունեցաւ արուեստական սրտի մը զետեղման վիրաբուժական գործողութիւնը 15-ամեայ պատանիի մը ։

Վիրաբուժական այս գործողութիւնը տեւեց 10 ժամ։

''Պամպինօ Ճեզու'' հիւնադանոցը իր խնդակցութիւնը յայտնած է որ կարողացած է իր կէտնպատակին հասնիլ ու մեծապէս սատարել բժշկութեան յառաջդիմութեան, ու մարդոց կեանքի փրկութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.