2010-10-04 14:21:58

Ուքրանիոյ Նոր Դեսպանը Հայաստանի Կառավարութեան Մօտ։ Իվան Քուխթա.


1 հոկտեմբերին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Ուքրանիոյ նոր նշանակուած դեսպան Իվան Քուխթան՝ անոր հաւատարմագիրներու պատճէնի յանձնումին առիթով։ Նախարար Նալբանդեան յոյս յայտնեց, որ Քուխթա իր կարեւոր ներդրումը ունենայ հայ-ուքրանական բարեկամական յարաբերութիւններու յաւելեալ ամրապնդման գործին մէջ։ Նախարարը ու դեսպանը միտքեր փոխանակեցին հայ-ուքրանական միջ-կառավարական յանձնախումբի աշխատանքներուն, նոյեմբերին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հրաւէրով Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարի Երեւան կատարելիք այցելութեան, առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերուն եւ Հայաստանի ու Ուքրանիոյ մէջ փոխադարձ մշակոյթի օրերու կազմակերպման հարցերուն շուրջ։ Անոնք քննարկեցին նաեւ երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող շրջանային եւ միջազային շարք մը խնդիրներ։







All the contents on this site are copyrighted ©.