2010-10-04 14:26:51

Հայաստան-Իրան.


Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարսեան անցեալ շաբաթավերջին ընդունեց Իրանի առեւտուրի, արդիւնաբերութեան եւ հանքերու պալատի նախագահ Մոհամետ Նահավանտիան- ի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։

Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Հայաստանի մէջ Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սեյետ Ալի Սաղայիան եւ Հայաստանի առեւտրական- արդիւնաբերական պալատի նախագահ Մարտին Սարգսեան։ Զրուցակիցները քննարկեցին տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւնները,ընդգծելով այս մարզին մէջ առկայ մեծ ներուժի լիարժէք օգտաործման անհրաժեշտութիւնը։ Մոհամետ Նահավանտիան-ը մասնաւորապէս առաջնահերթութիւն նկատեց երկկողմանի ապրանքաշրջանառութեան ծաւալի աճումը եւ գործակցութեան խորացումը արդիւնաբերութեան, զբօսաշրջութեան եւ ենթակառոյցներու զարգացման ուղղութեամբ։ Երկու կողմերը կարեւոր նկատեցին Հայաստանի եւ Իրանի սեփական մարզերուն միջեւ կապերու զարգացումն ու առեւտրական ծառայութիւններու մատուցման մարզերուն մէջ համագործակցութեան սերտացումը։ Այդ գծով քննարկուեցան հայ-իրանական միացեալ ձեռնարկութիւններու ստեղծման հեռանկարները։







All the contents on this site are copyrighted ©.