2010-10-04 06:51:53

Աննա Մարիա Ատորնիի Երանացման արարողութիւնը 


Կիրակի 3 հոկտեմբեր 2010ի յետ միջօրէի ժամը 15.30ին Բարմայի Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ̓ ունենայ Անարատ Յղութեան Աղախիններու Միաբանութեան եւ Բարի Հովիւ Ինստիտուտի հիմնադրուհի Աննա Մարիա Ատորնիի Երանացման արարողութիւնը նախագահութեամբ Սրբազան Քահանայապետի ներկայացուցիչ Արքեպիսկոպոս Անճէլո Ամաթո, Սուրբերու Դատերու Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահին։

Աննա Մարիա Ատորնին ծնած է 1805ին Ւտալիոյ Բոնդրեմոլի Թեմի պատգանող ֆիվիցցանո գիւղաքաղաքը։ 1820 ին իր հօր մահէն ետք կը փոխադրուի Բարմա ուր 1826ին կ̓ամուսնանայ եւ վեց զաւակ կ̓ունենայ որոնք մանուկ հասակի մէջ կը մահանան բացի Լէոբոլտո զաւակէն որ Պենետիկտեան Վանահայր կը դարնայ։ 1844ին իր ամուսնույն մահէն ետք Աննա Մարիա Ատորնին կ̓ որոշէ կեանքը նուիրել Աստուծոյ ծառայելով Բանտարկեալ Տիկիններու վերահաստատման ընկերութեան մէջ եւ հիմնելով փոքր հիւրնկալութեան կեդրոններ որոնք հիմնագարը եղան Բարի Հովիւ Ինստիտուտի։ Ատորնին ուրիշ 8 աշխատագից տիկիններու հետ միասին հիմնեց Անարատ Յղութեան Աղախիններու Միաբանութեան։

Աննա Մարիա Ատորնիի պատգամն է մտահոգուիլ մերձաւորի պէտքերուն հոգալով եւ հասնիլ կարօտեալներուն օգնութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.