2010-10-04 14:25:35

՝՝Կիպրոսի Հիւսիսային Հատուածին Մէջ Չոչնչացնել Յոյներու Պատկանող Սրբավայրերը՝՝։


Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը ընդունած է յատուկ բանաձեւ մը, որ թուրքերուն կոչ կ՝ուղղէ Կիպրոսի հիւսիսային հատուածին մէջ չոչնչացնելու յոյներուն պատկանող սրբավայրերն ու պատմամշակութային արժէքները։
՝՝Յարգանք ցուցաբերել թրքական բռնագրաւման տակ գտնուող կղզիի հիւսիսային հատուածի կրօնական արժէքներուն եւ կրօնական ազատութիւններուն նկատմամբ՝՝ խորագիրով թիւ 1631 բանաձեւին մէջ, որուն հեղինակներն են Ներկայացուցիչներու Տան յոյն քոնկրեսական Կուս Պիլիրաքիսը ու Քերոլայն Մալոնէյ-ը, կ՝ըսուի հետեւեալը. Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ որդեգրուած բանաձեւին մէջ կը նշուի նաեւ, որ հիւսիսային Կիպրոսի մէջ 80 եկեղեցի վերածուած է մզկիթի, 28 եկեղեցի թրքական բանակը վերածած է պահեստներու եւ զօրանոցներու, եւ միայն 6 եկեղեցի վերածուած է թանգարանի։ Թիւ 1631 բանաձեւը նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին կոչ կ՝ուղղէ քայլեր առնելու բանաձեւին մէջ նշուած կէտերուն իրականացման համար։
Թրքական լրատուամիջոցները Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ որդեգրուած բանաձեւը որակած են ՝՝ցնցիչ՝՝ եւ ՝՝հակաթրքական՝՝։ Բանաձեւին կաջակցին նաեւ հայամէտ քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ եւ Նենսի Փելոզի։ £







All the contents on this site are copyrighted ©.