2010-10-03 18:15:41

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Հովուական Այցելութիւնը Փալերմօ։

Հանդիպում Թեմի Երիտասարդներուն Եւ Ընտանիքներուն Հետ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Հովուական Այցելութիւնը Փալերմօ։

Հանդիպում Թեմի Երիտասարդներուն Եւ Ընտանիքներուն Հետ։

Կիրակի 3 հոկտեմբեր 2010, առաւօտեան ժամը 9.15-ին՝ Սրբազան Քահանայապետը հասաւ Փալերմօ քաղաքի միջազգային օդակայանը, ուր զինք կը սպասէին Իտալիոյ Սիկիլիա կղզիի քաղաքացիական եւ եկեղեցական աւագանին։

Բարի գալուստի արարողութենէն ետք, Սրբազան հայրը ուղղուեցաւ թեմի առաջնորդարանը ուր հակիրճ տեսակցութիւն մը ունեցաւ տեղւոյն թեմի առաջնորդ գերապայծառ Ռոմէօ Գամարադայի հետ։

Ժամը 10.30ին Նորին Սրբութիւնը բացօթեայ պատարագ մատուցեց ֆօրօ իթալիգօ հրապարակը, աւելի քան 100 հազար հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։

Կէսօրին`Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքէն ետք Նորին Սրբութիւնը ճաշեց կղզիի եպիսկոպոսական դասին հետ։

Յետմիջօրէին ժամը 5-ին Նորին Սրբութիւնը նախ հանդիպում ունեցաւ Կղզիի կղերական դասին, ժառանագաւորներու եւ նուիրեալ անձերու հետ, Տիրամօր Վերափոխման աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։

Ապա Բոլիդիամա կոչուած մեծ հրապարակին վրայ, Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում կ'ունենայ Կղզիի բոլոր մարզերէն եկած աւելի քան 20 հազար երիտասարդներու եւ ընտանիքներու հետ։

Այս հանդիպումին ընթացքին խօսք պիտի առնեն Գալդանիսեդդա թեմի առաջնորդը` գերապայածառ Մարիօ Րուսոդդօ, եւ երկու սիկիլիացի երիտասարդներ ուղերձ պիտի կարդան Սրբազան Քահանայապետին։

Նշենք թէ Սիկիլիոյ եպիսկոպոսները 2009ին պաշտօնական հրաւէր ուղղած էին Սրբազան հօր, եզրափակելու՝ Կղզիի հաւատացեալ երիտասարդներու եւ ընտանիքներու հաւաքը, որ ունի որպէս բնաբան. ''Քաջութեան նայուածք` Յոյսի դաստիարակութեան ի խնդիր''։

Սրբազան Հօր Վատիկան վերադարձը նախատեսուած է գիշերուայ ժամը 8.15ին

Իր արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնեց Սիկիլիա գտնուելուն համար եւ հաւատացեալներուն հետ միասին բեկանելու Հացը Աստուծոյ Բանին։ Սիրով ձեզ կ'ողջունեմ եւ շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ ինծի վերապահած ջերմ ընդունելութեան համար։ Մասնաւորապաէս կ'ողջունեմ թեմին առաջնորդը եւ քաղաքական ու եկեղեցական բոլոր տեղական իշնաութիւնները։

Սիրելիներ` ես ձեր մէջ կը գտնուիմ երիտասարդութեան եւ ընտանիքի համաժողովին առիթով եւ միաժամանակ կ'ուզեմ ձեզի հետ բաժնել քրիստոնեայ հասարակութեան ուրախութիւններն եւ յոյսերը, յոգնութիւնն եւ յանձնառումը, գաղափարախօսութիւնն ու իտեալը։ Ամէն ծիսական արարողութիւն ցոլացումն է Աստուծոյ ներկայութեան։ Յիսուսի աշակերտները չեն խնդրեր նիւթական բարիքներ, առանձնաշնորհում, այլ կը խնդրեն հաւատքի շնորհքը, որպէս ուղղէ եւ լուսաբանէ մարդու բոլոր կեանքը։

Անցնող դարերուն Փալերմոյի եկեղեցին հարստացաւ հաւատքով։ Այդ հաւատքին ճշմարիտ թարգմանները եղան կղզիի սուրբերն ու սուրբուհիները։

Սիրելիներ եթէ այսօր Աստուծոյ կամքը կատարենք ամենայն խոնարհութեամբ ու համեստութեամբ, Տէրը անձամբ պիտի օգնէ մեզի եւ պիտի քաջալերէ մեզ Աւետարանի ոգիով ապրիլ։

Սիրելի սկիլիացիներ ձեր գեղեցիկ կղզին եղաւ իտալիոյ առաջին մարզերէն մէկը որ վեհանձնութեամբ ընդունեցաւ Առաքեալներու հաւատքը եւ հակառակ պէսպէս նեղութիւններուն ու հալածանքներուն շատ մը սուրբեր ունեցաք։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր քարոզը եզրափակեց քաջալերելով Սիկիլիոյ հաւատացեալները յոյսով դիտեն ապագան եւ ապրին Աւետարանի հոգիով։ Աստուծոյ զօրութեամբ ամէն բանի կարող ենք։ Թող ամենասուրբ Կոյս Մարիամ ձեզ հովուանաւորէ իր մայրական գթութեամբ եւ ձեզ առաջնորդէ լաւագոյնս ճանչնալու իր Միածին Որդին։

նշենք թէ պատարագին սկիզբը Սրբազան Հօր նուիրուեցաւ Տիրամօր Անարատ Յղութեան արծաթէ 75 սանդիմնոց արձան մը, որու վրայ փորագրուած են Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի եւ փալերմօ թեմի զինանշանները։ Սիկիլիացիները ճանչցուած են իրենց որդեական բարեպաշտութեամբ ամենասուրբ Կոյս Մարիամի հանդէպ։ Անոնք չորս դար առաջ երդում կատարած են իրենց արեան գնով պաշտպանել Ս. Կոյս Մարիամի անարատ յղութեան ճշմարտութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.