2010-10-03 15:49:45

Հայազգի Նշանաւոր Դէմքեր։
Ֆրունզէ Դովլաթեան (1927-1997). Հայ բեմի եւ շարժանկարի բազմատաղանդ վարպետը.


1997ին (13 տարի առաջ) Երեւանի մէջ կը վախճանէր հայ բեմի եւ շարժանկարի յառաջապահ նուիրեալներէն Ֆրունզէ Դովլաթեանը։
Ան ծնած էր 1927ի Մայիս 26ին, Նոր Բայազէտ (Կամօ, այժմ՝ Գաւառ)։ Հայրը եւ հօրաքոյրը սիրողական ներկայացումներ բեմադրող արուեստագէտներ էին գաւառական թատրոնին մէջ։ Մանուկ տարիքէն սէրը՝ դէպի թատրոնն ու բեմական արուեստը, շեշտուած էր Ֆրունզէի մօտ. թատրոնի եւ բեմական արուեստի պաշտամունքը ընտանեկան ջերմ մթնոլորտ եղաւ եւ կազմաւորման միջավայր եղաւ հետագայ մեծ արուեստագէտին համար։
Դովլաթեաններու ընտանիքը 30ականներուն տեղափոխուած է Երեւան, ուր Ֆրունզէ ուսանեցաւ Գորկու անուան դպրոցին մէջ,աշխոյժ մասնակիցը դառնալով աշակերտական մշտապէս գործող թատերական խմբակին։ Կակաւին 15 տարեկան պատանի՝ ան նկարահանուեցաւ ԴաւիթԲէկ շարժանկարին մէջ Մանսուր իշխանի դերով. ապա՝ Անահիտի մէջ (արքայազն Վաչագան)։
Ֆրունզէի երազն էր ընդունուիլ Սունդուկեանի անուան թատրոնը, ինչ որ իրականացաւ 1942ին, երբ ան միացաւ մայր թատրոնի դերասանական արուեստանոցին, որուն ղեկավարն էր Արմէն Գուլակեան։ Գուլակեանի շունչին տակ թրծուեցաւ Դովլաթեանի դերասանական տաղանդը եւ ան նկարահանուեցաւ շարք մը ուշագրաւ շարժանկարներու մէջ, որոնց շարքին Ինչո՞ւ է աղմկում գետը (1958), Բարեւ, ես եմ (1958)։ Այս վերջինի մէջ իր դերակատարութեան համար Ֆրունզէ Դովլաթեան հետագային, 1967ին, արժանացաւ Հ.Խ.Ս.Հ. պետական մրցանակին։

1942էն -1953, Ֆրունզէ Դովլաթեան գործեց Երեւանի Գ. Սունդուկեանի անուան դրամատիկական թատրոնին մէջ՝ իբրեւ դերասան։ 1947ին աւարտեց թատերական արուեստանոցը եւ նուիրուեցաւ դերասանութեան։ 1950ին, Այս աստղերը մերն են թատերախաղին գլխաւոր դերերէն մէկուն՝ Հրայրի դերակատարման համար երիտասարդ դերասանը, մի քանի խաղընկերներու հետ, արժանացաւ Ստալինեան մրցանակի, որ անոր առջեւ բացաւ բարձրագոյն մասնագիտացման հետեւելու մեծ դուռը։ Գնաց Մոսկուա եւ 1959ին ավարտեց Մոսկուայի ԿինօԻնստիտուտի (ՎԳԻԿ) բեմադրական բաժանմունքը՝ աշակերտելով Սերգէյ Գերասիմովին։ Այդ շրջանին մասնակցեցաւ քանի մը վաւերագրական բարձրարժէք ֆիլմերու նկարահանման։ Մոսկուայի մէջ իր նկարահանած Մեր քաղաքի առաւօտը շարժանկարը Վիեննայի փառատօնին արժանացաւ առաջին մրցանակի։
1959էն -1964 Ֆրունզէ Դովլաթեան աշխատեցաւ Մոսկուայի Գորկու անուան ԿինօՍտուդիային մէջ։ Բայց հայ բեմի մեծ վարպետին սիրտը հայրենիքի կարօտով կ՛այրէր եւ 1964ին ան վերադարձաւ Երեւան, ուր մինչեւ վերջին շունչ եւ իր վախճանը, իբրեւ բեմադրիչ գործեց Հայֆիլմի մէջ, աւելի քան 30 տարի ստեղծագործելով եւ հայկական շարժանկարը նոր բարձունքի առաջնորդելով։
Ֆրունզէ Դովլաթեան յատկապէս հռչակուեցաւ Սարոյեան եղբայրներ շարժանկարի գեղարուեստական ղեկավարի իր հանգամանքով ու ստանձնած գլխաւոր դերակատարութեամբ՝ մարմնաւորելով կրտսեր եղբօր, յեղափոխական Հայկի դերը։ Շարժանկարը օրին, Քիեւի մէջ, արժանացաւ խորհրդային համամիութենական բարձր մրցանակի, իսկ գլխաւոր դերակատարները՝ Հայաստանի պետական մրցանակի։
Վախճանեցաւ 1997ի Օգոստոս ին,եւ յետ մահու պարգեւատրուեցաւ Հայ Մշակոյթի պետական բարձրագոյն՝ Մ. Խորենացի շքանշանով։







All the contents on this site are copyrighted ©.