2010-10-02 12:43:14

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Շաբաթ 2 հոկտեմբեր 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց.
- Ժամը 11.ին Կարտինալ Մարք Ուէլլէդ Եպիսկոպոսական Դասի Նախագահը
- Ժամը 11.30ին Պրազիլի համահաւաք Եպիսկոպոսներու դասի 4 եպիսկոպոսներ իրենց հնգամիայ կանոնական այցելութեան առթիւ։
Նշենք թէ Սրբազան Հայրը հոկտեմբեր 1-ին Գասդելկանտոլֆոյի ամարանոցէն վերջնականապէս վերադարձաւ Վատիկան ։

Կիրակի օրը՝ 3 հոկտեմբերին Նորին Սրբութիւնը միօրեայ հովուական այցելութեամբ պիտի երթայ Իտալիոյ Սիկիլիոյ Բալերմօ Քաղաքը։

՜՜Ընտանիքի եւ Երիտասարդներու Եկեղեցական շրջանային Ժողովի առիթով ՝՝Կիրակի 3 հոկտեմբեր 2010ին Սրբազան Քահանայապետը Հովուական այցելութիւն մը կը կատարէ Բալերմօ ։ Այցելութեան ծրագիրը կը նախատեսէ երեք կարեւոր հանգրուաններ. ՜՜ֆորօ Իթալիքոյի՝՝ մէջ Սրբազան Արարողութիւնը, կղերական դասի հետ հանդիպումը աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, եւ Բոլիթէամա Հրապարակի վրայ երիտասարդներուն հետ հանդիպումը։
Բալերմոյի Արքեպիսկոպոսը՝ Բաօլօ Րոմէօ այս առթիւ այսպէս արտայայտուեցաւ։
՜՜Մեծ ակնկալութիւն կայ Քահանայապետի այս ճամբորդութիւնէն` Սրբազան Հայրը կ՝այցելէ Բալերմոն, բայց կ՝ուզէ իր հայրական ողջոյնը տարածել ամբողջ կղզիի բնակիչներուն։
Մէկ կողմէն՝ այս հանդիպումը կը հանդիսանայ գագաթնակէտը այն ճանապարհին որ կատարեցինք ընտանիքներու եւ երիտասարդներու հետ, իսկ միւս կողմէն՝ կ̓ուզէ նոր յոյս ներշնչել դիմագրաւելու ընկերութեան մարտահրաւէրները՝՝ ։
Բալերմոն բարոյապէս նահանջած քաղաք մըն է որ մեծապէս կը տառապի տնտեսական համաշխարհային տագնապէն։ Այս տագնապը ընդհանրապէս աւելի ծանր կերպով կը հարուածէ տկարները կամ սակաւահասոյթ ունեցող ընտանիքները որոնք յուսահատութենէ մղուած՝ ստրուկ կը դառնան դիւրին շահեր արտադրող ապօրինի եւ անօրէն կազմակերպութիւններուն ։
Ես վստահ եմ (կ՝ըսէ Արքեպիսկոպոսը) որ մեր կղզին եւ յատկապէս ՜՜Բալէրմօ՝՝ն՝ պէտք ունին ցնցումի եւ արտադրելու նոր զարթօնք մը։







All the contents on this site are copyrighted ©.