2010-10-01 12:31:50

Ներկայացում Մատրիտի Մէջ Կայանալիք ՜՜2011 Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուան։


Երեքշաբթի 5 հոկտեմբեր 2010ի ժամը 10.30 ին երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի նուիրուած՝ Սուրբ Աթոռի մամլոյ հաղորդագրութեան սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ մամլոյ ասուլիս մը՝ ներկայացնելու 2011ին Մատրիտի մէջ կայանալիք ՜՜Երիտասարդութեան Համաշխարհային օրը՝՝։ Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ պիտի ունենանմ Կարտինալ Սդանիսլավ Րիլգօ նախագահը՝ ՜՜Աշխարհականներու Քահանայապետական Խորհուրդին՝՝. Կարտինալ Անթոնիօ Մարիա Րօուգօ Վարելա նախագահը՝ Մատրիտի Արքեպիսկոպոս եւ Սպանիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի. Կարտինալ Ժոզէֆ Գլեմէնս քարտուղարը՝ ՜՜Աշխարհականներու Քահանայապետական Խորհուրդին՝՝. Կարտինալ Սեզար ֆրանգօ Մարդինէս՝ Մատրիտի օգնական եպիսկոպոսը եւ 2011 ի Երիտասարդութեան Համաշխարհային օրուայ ընդհանուր պատասխանատուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.