2010-10-01 13:16:08

Յովիկ Աբրահամեան -Քալմի Ռէյ հանդիպումը.


Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը (որ պաշտօնական այցելութեամբ Զուիցերիա կը գտնուի) նախանցեալ օր հանդիպում մը ունեցաւ Զուիցերիոյ նորընտիր փոխնախագահ, արտաքին գործոց նախարար Միշլին Քալմի Ռէյի հետ։ Հանդիպման սկիզբը Յովիկ Աբրահամեան շնորհաւորեց Քալմի Ռէյը 22 սեպտեմբերին Զուիցերիոյ փոխ-նախագահի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով։ Ազգային Ժողովի նախագահը նշեց, որ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ Զուիցերիոյ հետ յարաբերութիւններու զարգացումը, մասնաւորաբար միջազգային տարբեր խնդիրներու լուծման հարցերուն մէջ Զուիցերիոյ միջնորդական դերակատարութիւնը։ Ըստ անոր, երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման հարցին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունի նաեւ Զուիցերիոյ հայութիւնը։ Ազգային ժողովի նախագահը կարեւոր նկատեց Հայաստանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանատան ստեղծումը, ինչ որ նոր թափ մը պիտի տայ Հայաստանի եւ Զուիցերիոյ միջեւ բազմակողմ յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան զարգացման։







All the contents on this site are copyrighted ©.