2010-10-01 12:31:12

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵՆԷՆ


Համազգայինի Երաժշտանոցի Ստեղծում Յունաստանի Մէջ։

Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան կողմէ, Համարձակ եւ վճռական քայլ մը առնուեցաւ, այն է՝ որ այս տարի իրագործուեցաւ տարիներու ծրագիր հանդիսացող երաժշտանոցի ստեղծումը։

Շաբաթ օրը 2 հոկտեմբերին արդէն կը սկսի գործել երաժշտանոցը, արդէն պատանիներու ու երիտասարդներու բաւարար թիւ մը հաւաքուած է ։

Այս առթիւ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան փոխ ատենապետը Յակոբ Գոլանեան, խօսելով՝ երաժշտանոցը ստեղծելու գաղափարին մասին ըսած է .

՜՜Այս գաղափարը մօտ քսան տարի է որ գոյութիւն ունէր իմ մօտ, հիմնականօրէն այն պահէն, երբ Յունաստան սկսան հաստատուիլ Հայաստանէն եկած մեր հայրենակիցները եւ անոնց կարգին՝ փայլուն արուեստագէտներ։ Այն օրէն միշտ կը մտածէի, թէ մեր առօրեայի մաս կրնանք դարձնել հայկական մշակոյթը, սակայն պատրաստ չէինք այդ քայլին։ Ներկայիս կը զգամ որ փափաքէն անդին, ունինք նաեւ փորձառութիւնը այս աշխատանքը կատարեալին հասցնելու։ Երբեք ուշ չէ կարելի է ըսել, որովհետեւ երաժշտութիւնը յաւերժական է, միշտ կը նորոգուի։ Խանդավառութիւնը մեծ է այս ծրագրի ուղղութեամբ, որ վստահութիւն կը ներշնչէ թէ դժուարութիւնները պիտի յաղթահարուին։

Մեր գաղութը երկար պատմութիւն ունի մշակոյթի պահպանման ու զարգացման մէջ յիշենք Յակոբ Փափազեանը, երգչախումբերու եւ նուագախումբերու կայացման հանգրուանները, անհատական թէ խմբային երաժշտական փայլուն ելոյթները, սակայն հայկական երաժշտանոց չենք ունեցած երբեք։ Աւելի քան անհրաժեշտ էր ուրեմն երաժշտանոցի հիմնադրութիւնը, նոյնպէս ինչպէս հայերէն լեզուի վարժարանները կը պահենք։ Մշակոյթին ընտելանալու գաղափարը փոքրիկ տարիքէն կը մշակուի մարդոց մէջ։ Մենք կը տեսնենք այդ պահանջը, ոչ միայն երաժըշտական մարզի, այլ նաեւ նկարչութեան մարզէն ներս, ուր Համազգայինի Շըրջանային Վարչութիւնը յստակ ծրագրումով կը մօտենայ, երաժշտանոցի եւ արուեստի դպրոցի մը հաստատման գաղափարով։ Այս ծրագրի կարեւոր մէկ ազդակն է հայկական ակումբներէն ներս երիտասարդական կեանքի վերակենդանացումն ու հզօրացումը։

Մեր փափաքն է յունահայ երիտասարդ սերունդը մօտեցնել մշակոյթին, իսկ անոր զուգահեռ՝ հայկական մշակոյթը ծանօթացնել ու սիրցնել իրենց։ Յոյսը ունինք որ երաժշտանոցը հիմք կրնայ հանդիսանալ մշակոյթի զար-գացման մեր գաղութէն ներս։

Ինչպէ՞ս կազմակերպուած են երաժշտանոցի աշխատանքի պայմանները հարցումին պատասխանելով՝ Գոլանեան ըսած է. ՜՜մեզի համար կարեւոր էր այսպէս կազմակերպել աշխատանքը ակումբներէն ներս. ՜՜ շաբաթը երկու անգամ Գոքինիոյ եւ Ֆիքսի ակումբներէն ներս պիտի հաւաքուին աշակերտները, մէկ անգամ՝ անհատական դաս, երկրորդ անգամ՝ խմբային դաս կատարելու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.