2010-09-30 13:32:39

Պէյրութ Քրիստոսի Պատանքի Կրկնօրինակի Ընդունման Արարողութիւն։


Չորեքշաբթի 29 սեպտեմբեր 2010ին Հայ կաթողիկէ պատրիարքութիւնը մեծ շուքով ընդունեց Քրիստոսի Պատանքի կրկնօրինակը:

Այս պատանքը նուէր է Իտալիոյ Թորինօ Քաղաքի Արքեպիսկոպոս Կարտինալէն:

Պատանքի յանձնումի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ, Ժէիթաուի, երեկոյեան ժամը 7ին, նախագահութեամբ՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, մասնակցութեամբ՝ կղերական դասին եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան. ինչպէս նաեւ Իտալիայէն ժամանած AMCOR խումբին անդամներուն: Ներկայ էր նաեւ Իտալիոյ դեսպանը Լիբանանի մէջ Կապրիէլէ Գէգիան:

Արարողութիւնը սկիզբ առաւ թափօրով, որուն յաջորդեց հոգեւոր տիրոջ պատկերի օրհնութեան աղօթքը:

Օրհնութենէն ետք, AMCOR խումբին հոգեւոր վարիչ՝ Գերյարգելի Ճուզէբբէ Կիպերդի խօսք առաւ որով փոխանցեց Թորնիօյի Կարդինալին ջերմ ողջոյնները եւ գնահատեց հաւատացեալներու ներկայութիւնը:

Յաջորդաբար հոգեւոր տէրը շնորհակալական պատգամով մը յիշեց իր ուխտագանացութիւնը դէպի Թորինօ, այն շրջանին երբ տեղադրուած էր պատանքի բուն օրինակը:

Ապա, խաչի քո Քրիստոսի շարականէն ետք եւ Քում ամենազօր աղօթքով վերջ գտաւ սոյն արարողութիւնը:

Հանդիսութենէն ետք հոգեւոր տէրը պատրիարքարանի դահլիճին մէջ հիւրընկալեց իտալիայէն ժամանած խումբը, եւ որուն ընթացքին յուշանուէրներ բաժնեց անոնց:





 








All the contents on this site are copyrighted ©.