Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած պաշտօնական
պատուիրակութիւնը, որու կազմին մէջ են ԱԺ առողջապահութեան, մայրութեան հարցերու մշտական
յանձնաժողովի նախագահ, Հայաստան-Զուիցերիա բարեկամական խումբի նախագահ Արա Բաբլոյեանը,
ԱԺ տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի փոխ նախագահ Վարդան Բոստանջեանը, Սեպտեմբեր
28-ին հասաւՊեռն։ Զուիցերիոյ մայրաքաղաքին մէջ պատուիրակութեան միացաւ Զուիցերիոյ մէջ
ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Շարլ Ազնաւուրը։ Զուիցերիա-Հայաստան բարեկամութեան խորհրդարանական
խումբի համանախագահներ Ուելի Լոյենբերերը եւ Տոմինիկ Տը Բյումանը բարձր գնահատեցին ՀՀ
ԱԺ նախաահ Յովիկ Աբրահամեանի այցելութիւնը երկու երկիրներու բարեկամութիւնը եւ փոխ-գործակցութիւնը
ամրապնդելու եւ խորացնելու առումով։ Զուիցերիացի պատգամաւորները կարեւոր նկատեցին միջխորհրդարանական
յարաբերութիւններու խորացումը։ Զուիցերիոյ փոխնախագահ եւ արտաքին գործոց նախարար Միշլին
Քալմի-Ռէյ կը յայտնէ, թէ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու գործընթացը շարունակելու
բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու համար Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հետ աշխուժ խորհրդակցութիւններ
տեղի կ'ունենան։