2010-09-29 14:19:56

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Նորին Սրբութեան Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը

''Կնոջ Դերը Եկեղեցւոյ Մէջ՝՝ Նիւթին Մասին։



Չորեքշաբթի 29 սեպտեմբեր ( 2010)` Պենետիկտոս ԺԶ. Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի աւելի քան հինգ հազար ուխտաւորներուն, որոնք խմբուած էին Ս. Պետրոսի հրապարակը։

Նորին Սրբութիւնը շարունակելով իր խորհրդածութիւնը ՜՜Կնոջ դերին եկեղեցւոյ մէջ՝՝ նիւթին մասին, այսօր ներկայացուց Սրբուհի Մադիլտը։



Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Այսօր կ'ուզեմ խօսիլ Սրբուհի Մադիլտին մասին։ Ան Գերմանիա ծնած էր 13րդ դարուն, հրապուրուած վանական կեանքէն, երիտասարդ տարիքին մտաւ Ռոտերստորֆ մենաստանը, ապա 1258ին դառնալով վանական ՜՜Սաքս՝՝ մարզի մէջ։

Մադիլտ յատկանշուեցաւ իր խոնարհութեամբ, բարեպաշտութեամբ եւ պարզութեամբ, ինչպէս նաեւ իր ողջախոհ կենսաղով ու Աստուծոյ հետ միութեամբ։ ''Յատուկ շնորհքի գիրքը'' շարադրուած մեծն Ճերդրուտի կողմէ, կը ներփակէ պտուղը իր մտածականներուն։

Այս հատորին մէջ կը գտնենք առաջին անգամուայ Յիսուսի Ս. Սրտի հանդէպ ջերմեռանդութիւնը, խորհրդանիշը աստուածային սիրոյն։ Առաջնորդուելով Ս. Գիրքի ընթերցումներէն եւ սնած երկնային հացէն` Ս. Հաղորդութենէն եւ ապրելով ծիսակատարութիւնը Մադիլտ Եկեղեցւոյ հետ լիովին ապրեցաւ իր հաւատքն ու վանական կոչումը։ Ան մշտապէս տառապեցաւ ու խիստ ապաշխարանք կատարեց մեղաւորներու փրկութեան համար, եւ այսպէսով մասնակցեցաւ Տիրոջ չարչարանքին մինչեւ իր կեանքին վերջը։

Ան վախճանեցաւ 1299ին։

Նորին Սրբութիւբնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով սրբուհի Մադիլտ Հագպոն մեզ կը հրաւիրէ ամրապնդելու՝ մեր բարեկամութիւնը Տիրոջ հետ, մասնաւորապէս առօրեայ աղօթքով ու կենաց Հացը ճաշակելով։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները մաղթելով անոնց որ իրենց ուխտագնացութիւնը Հռոմ՝ սատարէ ամրապնդելու իրենց անձանական կապը Յիսուսի հետ։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանադներուն եւ նորապսակեալներուն, խրախուսելով զանոնք որ իրենց կեանքի բարի կենցաղով վկայութիւն տան Աստուծոյ, իրենց կեանքի բոլոր պարագաներու մէջ ։

Նորին Սրբութիւնը ապա յիշեցնելով թէ այսօր լատին եկեղեցին կը տօնէ երեք հրեշտակապետներու տօնը՝ Միքայէլ, Գաբրիէլ եւ Ռափայէլի տօնը, ինչպէս նաեւ բոլոր պահապան հրեշտակներու տօնը ըսաւ. ՜՜ Թող անոնք ձեզ խթանեն ապրելու Աւետարանի խրատներու համաձայն՝՝։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.