2010-09-29 14:24:31

Հ.Հ. Անկախութեան Նուիրուած Ընթրիք Պէյրութի Մէջ ։


Երկուշաբթի, 27 սեպտեմբերին, Հայաստանի հանրապետութեան անկախութեան 19-րդ տարեդարձին առիթով Հ.Հ. դեսպան Լիբանանի կառավարութեան մօտ՝ պրն. Աշոտ Քոչարեան կազմակերպած էր ընթրիք հիւրասիրութիւն մը «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ: Այս առթիւ Խօսք առնելով դեսպանը, նշեց թէ որքան կարեւոր գաղութ մըն է Լիբանանի հայ գաղութը: Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանէն հայր Վարդան վ. Գազանճեան մասնակցեցաւ սոյն ընդունելութեան, ներկայ էին նաեւ հայ գաղութի ներկայացուցիչներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.