2010-09-29 14:15:57

Ծանրաբարձներեու Յաղթական Վերադարձը Հայաստան։


Ծանրաբարձներեու Յաղթական Վերադարձը Հայաստան։
Ծովեզերեայ Անթալիայէն (Թուրքիա) Երեւան վերադարձան Հայաստանի ծանրաբարձները՝ իրենց մասնակցութիւնը բերելէ ետք ծանրաբարձութեան աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն։ Հայ ծանրաբարձները դիմաւորելու համար Զուարթնոց օդակայան համախմբուած էին բազմաթիւ հայորդիներ, անոնց ծնողներն ու հարազատները, բարեկամները, ծանրաբարձութեան սիրահարներ, Հայաստանի Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան եւ այլ անձնաւորութիւններ։ Դիմաւորողներուն ոգեւորութիւնը շատ մեծ էր։ Անոնք մարզիկները դիմաւորեցին ջերմ ծափահարութիւններով։ Գագիկ Ծառուկեան գնահատելէ ետք անոնց արձանագրած արդիւնքները յաջողութիւն մաղթեց անոնց, յառաջիկային տեղի ունենալիք այլ մրցաշարքերու ծով։ Յիշեցնենք, որ 77 քիլօ դասակարգին մէջ Հայաստան ունէր երկու մարզիկներ Գէորգ Դաւթեանը եւ Տիգրան Մարտիրոսեանը, որ ախոյեան դարձաւ, բարձրացնելով ընդամէնը 373 քիլօ (173 եւ 200) , իսկ Աղջկանց հաւաքականէն Մելինէ Տալուզեանը պրոնզէ մետալակիր դարձաւ։
Միւս կողմէ ամբողջովին տարբեր մարզէ մը ներս.այն է գեղեցկութեան մարզէն ներս նշենա նաեւ 25ամեայ Մարինա Աւետեանը,որ Թուրքիոյ ծովափնփայ Պօտրում քաղաքին մէջ կայացած World League Beauty and Fashion մրցոյթին 20 տարբեր երկիրներէ եկած գեղեցկուհիներու մէջ առաջին հանդիսացած է։
Հակիրճ Տեղեկութիւններ.
- Զուիցերիա-Հայաստան բարեկամութեան խորհրդարանական խմբակի համանախագահներ Ուելի Լոյենպերկեր եւ Տոմինիք Տը Պիւման կը յայտնեն, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի ինքնորոշման սկզբունքի հիման վրայ։ Ազրպէյճանական կողմը կրակած է Հադրութի, Մարտունիի, Ասկերանի եւ Մարտակերտի ուղղութեամբ։







All the contents on this site are copyrighted ©.