2010-09-29 14:09:11

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ.
Նահապետ Ռուսինեան (1819-1876).


1819ին,191 տարի առաջ, Սեպտեմբերին,Կեսարիոյ Էֆքերէ գիւղին մէջ ծնաւ շնորհալի հայ մանուկ մը, որ Նահապետ Ռուսինեան կոչուեցաւ եւ ազգային-հասարակական իր բեղուն գործունէութեամբ ու հանրանուէր վաստակով, բայց մանաւանդ իր ՝՝Կիլիկիա՝՝ քերթուածով անմահացաւ հայ ժողովուրդի ազգային յիշողութեան մէջ։
Նախնական կրթութիւնը ծննդավայրին մէջ ստանալէ ետք, տասը տարեկանին, հօր հետ տեղափոխուեցաւ Պոլիս։
Հայրը պալատական նկարիչ էր եւ ի վիճակի էր զաւակը արձանագրելու Սկիւտարի թաղային վարժարանին մէջ, ուր Նահապետ յափշտակութեամբ փարեցաւ հայ լեզուին ու գրականութեան, մեր անցեալի փառաւոր պատմութեան եւ հայ մշակոյթի անանց արժէքներուն։ Ուսումնասէր եւ ծայր աստիճան ուշիմ հայ պատանիին կեանքը յանկարծ խանգարուեցաւ, երբ հայրը վաղամեռիկ եղաւ եւ Նահապետ ստիպուեցաւ թարգմանի պաշտօն ստանձնել թուրք փաշայի մը մօտ։
Նահապետ Ռուսինեանի ընդունակութիւններուն լաւածանօթ ատենի հայ մեծատուն ազգայինները (ինչպէս Կարապետ Պալեան եւ Գրիգոր Օտեանի հայրը) հասան նիւթական օգնութեան, որպէսզի շնորհալի հայորդին չզրկուի բարձրագոյն ուսման հնարաւորութենէն։ Նահապետ Ռուսինեան մեկնեցաւ Փարիզ, ուր բժշկական համալսարանի դասաւանդութեանց կանոնաւորաբար հետեւելով եւ բժիշկի վկայականին արժանանալով մէկտեղ՝ գրականութեան եւ արուեստի նկատմամբ իր խոր պաշտամունքին յագուրդ տուաւ Սորպոնի համալսարանին դասաւանդութեանց իբրեւ ազատ ունկնդիր արձանագրուելով։
Փարիզի 1840ականներու միջավայրը վճռորոշ նշանակութիւն ունեցաւ Նահապետ Ռուսինեանի կազմաւորման մէջ՝ ոչ միայն գրական, լեզուագիտական, գեղարուեստական եւ փիլիսոփայական իր հետաքրքրութիւններու հունաւորման եւ զարգացման առումով, այլեւ՝ հասարակականքաղաքական ազատախոհ աշխարհայեացքի արմատաւորման եւ լայն հորիզոնի տիրապետման իմաստով։ Այդ տասնամեակի ֆրանսական եւ եւրոպական յեղափոխական խմորումները համապատասխան կազմաւորում ջամբեցին երիտասարդ հայուն, որ 1851ին Պոլիս վերադառնալով՝ իբրեւ բժիշկ ու Պոլսոյ համալսարանի դասախօս իր առօրեայ աշխատանքին կողքին, ամբողջապէս նուիրուեցաւ ազգայինհասարակական եռուն, այլեւ յեղափոխական գործունէութեան։
Յեղափոխական էր Ռուսինեան ոչ միայն իր ընկերային աշխարհայեացքով՝ ազատ մտածողութեան, անկաշկանդ արտայայտութեան եւ ժողովրդավարական մասնակցութեան սկզբունքներուն համար անդուլ պայքարելու իր վճռականութեամբ, այլեւ ու մանաւանդ իր խառնուածքով։
Փարիզեան սերունդի իր գաղափարակիցներուն՝ Ստեփան Ոսկանի եւ Գրիգոր Օտեանի հետ անմիջապէս նետուեցաւ Ազգային Սահմանադրութեան մշակման եւ հաստատման համար ծաւալած պայքարին մէջ, երիտասարդական շունչ եւ թափ տալով անոր։ Իր ամբարած գիտութիւնը ի սպաս դրաւ աշխարհաբարի զարգացման եւ տարածման շարժումին։
Նահապետ Ռուսինեան Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի անդամ էր 1854ին, երբ հրատարակութեան յանձնեց իր Ուղղախօսութիւն լեզուագիտական-քերականագիտական աշխատութիւնը, որ ինքնին յեղաշրջում առաջացուց ատենի արեւմտահայ իրականութեան մէջ։
Ազգային Սահմանադրութեան որդեգրումէն ետք Ռուսինեան ձեռնարկեց իր երկրորդ աղմկայարոյց գործի՝ Տարեցոյցի պատրաստութեան, որուն հրատարակութիւնը բանադրական արշաւի առիթ մը դարձաւ Ռուսինեանի դէմ։ Հայ կղերականութիւնն ու անոր կողմնակից ամիրայական խաւը խաչակրութեան ձեռնարկեցին ֆրանսական տարեցոյցի ներշնչումով հայ աւանդական տարեցոյցը (տարուան սկզբնաւորման ամիսը, ամիսներու եւ եղանակներու անուանումը) փոխելու եւ յեղաշրջելու Ռուսինեանի ծայրայեղութեան դէմ։ Միայն պահպանողականութիւնը չէր, սակայն, որ ընդդիմացաւ այդ յեղաշրջական նորարարութեան դէմ։ Ազգային Զարթօնքի իր գաղափարակիցներն ալ մերժեցին այդ ծայրայեղութիւնները։ Այսուհանդերձ՝ իր զոյգ աշխատութեանց ընդմէջէն Ռուսինեան անջնջելի իր դրոշմը դրաւ արեւմտահայ աշխարհաբարի յղկումին եւ գեղեցկացման վրայ։
Նահապետ Ռուսինեան իր հասուն տարիքի ամէնէն բեղմնալի շրջանին կը գտնուէր, երբ ուղեղախռնումի հետեւանքով 57 տարեկանին առյաւէտ փակուեցան աչքերը հայ արժէքներու ամէնէն խռովիչ դէմքերէն բժիշկ Նահապետ Ռուսինեանի։
Ճակատագրի դաժան հարուածով՝ մեր կեանքէն հեռացաւ տակաւին այնքա՜ն տալիք ունեցող հայ գրականութեան եւ ազգային մտածողութեան արդի զարթօնքի նահապետը։







All the contents on this site are copyrighted ©.